«Ճումհիւրիեթ»-ի խմբագիրին եւ տնօրէնին ցմահ ազատազրկում կը սպառնայ

Թուրքիայէն Սուրիա զէնք ուղարկելու փաստերը հրապարակած «Ճումհիւրիեթ»-ի խմբագիրին եւ տնօրէնին ցմահ ազատազրկում կը սպառնայ

Թուրքիոյ արեւմտեան շրջաններուն մէջ շարք մը լրագրողներ կը բողոքեն իրենց գործընկերներուն նկատմամբ քրէական հետապնդումներուն դէմ:

Հրապարակած է 2015 թուականի Նոյեմբերին ձերբակալուած ընդդիմադիր «Ճումհիւրիեթ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ճան Տիւնտարի եւ թերթին` Անգարայի գրասենեակի տնօրէն Էրտեմ Կիւլի գործով մեղադրական եզրակացութիւնը, ըստ որուն` անոնցմէ երկուքին համար ալ դատախազութիւնը կը պահանջէ ցմահ ազատազրկում:

Տիւնտարը եւ Կիւլը կը մեղադրուին պետական գաղտնիքներ հրապարակելու, ինչպէս նաեւ` լրտեսութեան եւ ահաբեկչական գաղտնի կառոյցի անդամակցելու համար:

«Ճումհիւրիեթ» թերթի անցեալ տարուան Մայիս ամսուան հրապարակումներու շարքը բացայայտած էր, որ Թուրքիայէն մարդասիրական օգնութեան անուան տակ Սուրիոյ ապստամբներուն զէնք ու զինամթերք կ՛առաքուի: Ճան Տիւնտարի ստորագրութեամբ հրապարակուած էր յօդուած, տպագրուած էին լուսանկարներ, ուր երեւցող արկղերը լի էին նռնականետերու եւ ականանետերու արկղերով: