Մայր Աթոռ. «Սեպտեմբերին կը սպասուի Հռոմի Պապի այցը Հայաստան»

2016 թուականի Սեպտեմբերին կը սպասուի Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի այցը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին. այս մասին յայտարարուած է Փետրուար 16-18-ը Մայր Աթոռի մէջ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի` ընդլայնուած կազմով ժողովի ընթացքին, կը հաղորդէ «Սիվիլնէթ»-ը:

Այցը կազմակերպելու առնչութեամբ Մայր Աթոռը կապի մէջ է Վատիկանի հետ:

Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի` Հայաստան սպասուող այցի մասին մամուլը տեւական ժամանակէ կը գրէ: ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան դեռ 2014-ի Սեպտեմբերին Հռոմի Պապին պաշտօնապէս հրաւիրած էր 2015 թուականին այցելել Հայաստան: Համաձայն նախագահի մամուլի գրասենեակի հաղորդագրութեան` Ֆրանչիսկոս պապը ընդունած էր հրաւէրը` վստահեցնելով, որ իր սրտի ցանկութիւնն է գալ Հայաստան:

Վերջին շրջանին մամուլի մէջ կը նշուէին Ֆրանչիսկոս պապի` Հայաստան այցի հնարաւոր տարբեր ամսաթիւեր, որոնց մէջ` 2016-ի Ապրիլը: Անցեալ շաբաթ իտալական La Stampa թերթը գրած էր, որ Վատիկան կ’աշխատի Հռոմի Պապի` Հայաստան հնարաւոր այցի կազմակերպման ուղղութեամբ: Պարբերականը նշած էր, որ այցի նախնական ժամկէտ սահմանուած էր Յունիսը, սակայն այդ ժամանակահատուածին, Կրետէի մէջ պիտի  կայանայ ուղղափառ եկեղեցիներու սինոդը, ուստի այցը, ամենայն հաւանականութեամբ, տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերին: La Stampa-ն գրած էր նաեւ, որ Ֆրանչիսկոսի հայաստանեան այցի ծիրէն ներս կը նախատեսուին այցեր նաեւ Վրաստան եւ Ատրպէյճան:

Ֆրանչիսկոս Պապը Կաթոլիկ եկեղեցւոյ երկրորդ առաջնորդն է, որ պիտի այցելէ Հայաստան. 2001-ին Երեւան ժամանած էր Հռոմի Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապը` Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700- ամեակի տօնակատարութիւններուն մասնակցելու նպատակով: