Մեխակ Ապրեսեան. «Թուրքիա արձակուրդի մեկնող Հայ զբօսաշրջիկներուն թիւը կտրուկ նուազած է »

Թուրքիա արձակուրդի մեկնող հայ զբօսաշրջիկներուն թիւը անցեալ տարուան համեմատ նուազած է: Այս մասին News.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան` նշելով, որ Թուրքիա այցելութիւններու նուազումը մասնաւորապէս կապուած է վերջին շրջանին այնտեղ յաճախ տեղի ունեցող ահաբեկչական գործողութիւններուն հետ.

«Հայաստանից Թուրքիա այցելութիւններն էապէս նուազել են, կան շատ հետաքրքիր այլընտրանքներ, հիմա քաղաքացիներն այդ ուղղութիւններով են գնում: Շատ երկրներից են սկսել Թուրքիա չգնալ, ոչ միայն Հայաստանից, որովհետեւ  վերջին ժամանակաշրջանում այնտեղ շատ են լինում ահաբեկչական գործողութիւններ եւ դէպի Թուրքիա զբօսաշրջային այցելութիւնները  տարբեր երկրներից, այդ  թւում նաեւ Հայաստանից նուազել են»,- ըսած է Ապրեսեան:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ կա՞ն յստակ տուեալներ, որ այս տարի անցեալ տարուան համեմատ որքան նուազած է Թուրքիա մեկնող հայ զբօսաշրջիկներուն թիւը, Մեխակ Ապրեսեան նշած է, որ ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պարտականութիւններուն մէջ չի մտներ ըստ երկիրներու ընել արտագնայ զբօսաշրջութեան հաշուառում. «բայց փորձագիտական  գնահատականներով, քննարկումների արդիւնքում, երեւում է, որ դէպի Թուրքիա այցելութիւնները տարէցտարի նուազում են»,- ընդգծած է ան: