13 Յունիսին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի կառավարութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Հիւլէական ու շողա գործօն նիւթերու մաքսանենգութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ երկու կողմերուն միջեւ 2008-ին ստորագրուած գործողութիւններու միացեալ ծրագիրի հերթական վերանայումը:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Հիւլէական ու շողա գործօն նիւթերու մաքսանենգութեամբ տեղափոխման դէպքերը աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ լուսարձակի տակ կ’առնուին, շեշտը կը դրուի մանաւանդ համակարգուած միջազգային ջանքերուն վրայ, որպէսզի այս վտանգաւոր նիւթերը պէտք եղածին պէս պահպանուին եւ ահաբեկիչներու ու չարագործներու ձեռքը չհասնին, որովհետեւ վերջինները կրնան այդ նիւթերը օգտագործել ոչ փափաքելի նպատակներով: Այս ծիրին մէջ Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները արդէն բաւական երկար ատենէ կը գործակցին: Բացի ատկէ, Հայաստան հիւլէական անվտանգութեան աստիճանի բարձրացման ու հիւլէական նիւթերու տարածման դէմ պայքարին մէջ միջազգային հանրութեան կարեւոր ու աշխուժ դերակատարներէն է:
«Մենք կը գործակցինք, որպէսզի կատարելագործուին հիւլէական մաքսանենգութեան միջադէպերու քննութեան կարողութիւնները Հայաստանի մէջ եւ հետամուտ ըլլանք հիւլէական նիւթերու տարածման դէմ պայքարելու իմաստով մեր ընդհանուր յանձնառութեան յարգման», յայտնած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ, որ այս հանդիպումին կը գլխաւորէր ամերիկեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին արտաքին գործոց նախարարութեան Միջազգային անվտանգութեան ու այս նիւթերու տարածման դէմ հարցերով զբաղող գրասենեակի Ուաշինկթընի մասնագէտներ:
«Այս վերանայումը կը փաստէ Հայաստանի յանձնառութիւնը իր կողմէ տնօրինուող հիւլէական նիւթերու նկատմամբ պատշաճ հսկողութիւն ապահովելու եւ երկրի սահմաններով հիւլէական մաքսանենգութիւնը կանխելու ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու շարունակման հարցերուն մէջ», յայտնած է դեսպանը:
Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջազգային անվտանգութեան վարչութեան պետ Գագիկ Յովհաննիսեան, իսկ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ներկայացուցիչներ արտաքին գործոց եւ ուժանիւթի նախարարութիւններէն, Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն, Հայաստանի սահմանային անվտանգութեան, մաքսային եւ հիւլէական կարգաւորման ոլորտի պետական կառոյցներէն: Կը մասնակցէին նաեւ մասնագէտներ` երկրի հիւլէական կայանը օգտագործող ընկերութենէն:
Մէկ ամբողջ օր տեւած հանդիպումներու աւարտին Միացեալ Նահանգներն ու Հայաստանը վերահաստատած են այս ուղղութեամբ աշխատանքները շարունակելու իրենց յանձնառութիւնը եւ ճշդած հետագայ համագործակցութեան հաւանական ուղիները: