Միջինքը Թէքէեան Մշակութային Միութեան մէջ

Գարնան գեղեցիկ օրերու տեսիլքը մեր աչքերուն կը սպասէինք Թրկչին Սուրբ Յարութեան տօնը, հաւատքով վերապրելու. Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տնօրինած քառասնօրեայ պահքը արդէն իսկ ամբողջացուցած էր իր կէս շրջանը , Միջինք էր.

Եկեղեցիներու, միութիւններու տիկնանց յանձնախումբեր եռուն աշխատանքի մէջ են: Ուրբաթ 24 Մարտի երեկոյեան հակառակ բնութեան խիստ վարմունքին, սպիտակ ձիւներու փաթիլներու անյեղլի վայելքին տակ, խուռներամ ժողովուրդը կը ժամանէր Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնը: Ներկաները տպաւորուած նախորդ տարիներու ներկայանալի հիւրասիրութենէն անհամբեր կը սպասէին համտեսելու պահքի համեղ ճաշերը:

Արդարեւ ճոխ սեղանը, զանազան զարմանազան պահքի հայկական ճաշերով , հմայիչ երեւոյթ մը զգեցած էր: Թ. Մ. Միութեան ձեռներեց տիկինները, ոչ միայն անձնապէս պատրաստած եւ նուիրած էին, մէկը միւսը գերազանցող ճաշերը, այլ դրած էին իրենց աշխատանքին մէջ, իրենց սէրն ու ժպիտը, լումայ մը եւս յատկացնելու Թէքէեանի անշեղ գործունէութեան:

Գեղեցկօրէն յարդարուած սեղաններու շուրջ մինչ կերուխումն ու զուարթ խօսկցութիւնները կը շարունակուէին, Թ. Մ. Միութեան անխոնջ ատենապետը պրն. Արթօ Մանուկեան խօսք առաւ եւ մեծապէս գնահատեց ժրաջան տիկինները եւ այս ձեռնարկը համադրող տիկին Անի Թորիկեանը. ապա բարի գալուստ մաղթեց ներկայ հիւր, Էմմանուէլա Լամպրափուլոսին որ թեկնածու է երեսփոխանական ընտրութեան Վիլ Սէն-Լորանի կողմէ, փոխարինելու Սթէֆան Տիոնը:

Տիկին Այդա Գարիպեան եւ պրն. Վիգէն Ադդարեան գնահատանքով արտայայտուեցան Էմմանուէլի կարողութիւններուն մասին որպէս արժանաւոր թեկնածու եւ խնդրեցին ներկաներէն իրենց քուէներով քաջալեր հանդիսանալ.

Երեսփոխանական թեկնածու Էմմանուէլա ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով արտայայտուեցաւ որպէս Վիլ Սէն-Լորանի մէջ հասակ առած՝ Սթէֆան Տիոնի կողքին հաւատարմօրէն աշխատած թեկնածու, իր ամբողջական օժանդակութիւնը բերել ժողովուրդին:

Միջինքի այս երեկոն, հաւաքական համերաշխ գործունէութեան, ճաշակով համեմուած՝ ընկերային բարձրորակ աւանդական ձեռնարկ մըն էր, գոհացում տուաւ ներկաներուն, որոնք անկեղծօրէն կ’արտայայտուէին կրկին անգամ հանդիպելու յաջորդող միջոցառումներուն.

Անթառամ մնան ձեր ձեռքերը սիրելի տիկիններ եւ Անի միշտ քեզ տեսնենք պատնէշի վրայ:

Վ. Պալեան