Միքայէլ Ժան յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի ուղեկցութեամբ՝ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժան Հոկտեմբեր 12-ի առաւօտեան այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։

Միքայէլ ժան եւ Էդուարդ Նալպանտեան ծաղիկներ խոնարհած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող անմար կրակին մօտ: Այնուհետեւ, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ուղեկցութեամբ՝ հիւրերը այցելած են թանգարան եւ ծանօթացած ցուցանմուշներուն:

Երեւանի մէջ աւարտած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան նախարարական համաժողովը: Համաժողովի ընթացքին ընդունուած է 5 բանաձեւ, որոնցմէ մէկը կը վերաբերի ցեղասպանութիւններու կանխարգելման: