Գերմանացի գրող եւ պատմաբան Միքայէլ Հեսեման արդէն 20 տարիէ կ՛ուսումնասիրէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը եւ 3500 էջ ուսումնասիրութիւն ունի: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Հեսման շեշտած է, որ հարցը դիտարկած է բոլոր կողմերէն, եւ կասկած չկայ, որ հարիւր տարի առաջ կատարուածը Ցեղասպանութիւն է:
«Ես կը կարծեմ, որ Պունտեսթակը պէտք է անյապաղ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել պէտք չէ յապաղի, քանի որ ասիկա շատ կարեւոր հարց է: Ես Գերմանիոյ մէջ յայտարարած եմ, այստեղ ալ կ՛ըսեմ, այո, Գերմանիան կը կրէ պատասխանատուութիւն: Ի հարկէ, Գերմանիան մեղաւոր չէ այնքան, որքան Օսմանեան կայսրութիւնը, սակայն Գերմանիան տեղեակ եղած է, թէ ինչ կը կատարուի, եւ ոչինչ ձեռնարկած է: Ատիկա պատասխանատուութիւն է, եւ, կը կարծեմ, Պունտեսթակը պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»,- ըսած է Հեսեման:
Ան շեշտած է, որ եթէ 100 տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտուէր, ապա այսօր Միջին Արեւելքի մէջ բռնութիւնները, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները չէին կատարուիր: «Այսօր մենք կը տեսնենք, թէ ինչ կը կատարուի Միջին Արեւելքի մէջ, թէ ինչպէս մարդոց կը սպաննեն: Գիտէ՞ք, թէ ինչո՛ւ ատիկա այսօր կը կատարուի, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մեղաւորները հպարտ կը քալեն եւ կը յայտարարեն, թէ նման բան տեղի չէ ունեցած: Անոնք վստահ են, որ ոչ ոք կը յիշէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ ատիկա է պատճառը, որ այսօր մարդոց կը սպաննեն, ցեղասպանութեան կ՛ենթարկեն, կը ստիպեն, որ անոնք դառնան գաղթական: Եթէ հարիւր տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտուէր, յետագայ ցեղասպանութիւններն ալ չէին ըլլար»,- ըսած է Հեսեման:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ մեկնարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Հայոց ցեղասպանութիւն100. ճանաչումէն` հատուցում» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը, որուն կը մասնակցի աւելի քան 100 մասնագէտ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: