Երկուշաբթի՝ 23 Յունուարին, Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան վարչական անդամներ եւ զանազան մարմիններու գործօն տարրեր հետեւելով անցեալ տարիներու հաստատուած սովորութեան, այցելեցին Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդարանը, յատկապէս Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով շնորհաւորելու Սրբազան Հայրը, ընդունելու անոր օրհնութիւնները եւ ամրապնդելու Առաջնորդութեան եւ ԹՄՄ-ի ու ՌԱԿ-ի միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը: Գաղութի տարբեր կազմակերպութիւններ այս ձեւով կը փոխադարձեն, Դեկտեմբեր ամսուայ վերջաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ կազմակերպուած հիւրասիրութիւնը որուն կը հրաւիրուին գաղութի եկեղեցական եւ ազգային տարբեր կազմակերպութիւններ ինչպէս նաեւ գաղութի գործօն ազգայիններ ստանալու համար Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծնունդի բարեմաղթութիւնները:
Սրբազան Հայրը այս առիթով, արագ ակնարկով մը անդրադարձաւ Առաջնորդութեան դիմագրաւած այլազան մարտահրաւէրները, որոնց մեծամասնութիւնը յաջողութեամբ կը շարունակէ պսակուիլ, շնորհիւ կարեւոր մասամբ իր հօտի կազմակերպութիւններու զօրակցութեան, եւ շեշտեց թէ Առաջնորդութեան ու կազմակերպութիւններու ուժը եւ իրագործումները կը կայանան փոխադարձ սերտ գործակցութեան առկայութեամբ: Յատկապէս շեշտուեցաւ տեղական կրօնական եւ քաղաքական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի օգնութեան ծրագիրներու իրագործումները միասնական կազմակերպութեամբ իրագործելու կարեւորութիւնը:
Ներկաները գնահատանքով արտայայտուեցան Սրբազան Հօր աշխոյժ գործունէութիւններուն կապակցութեամբ, եւ յաջողութեան մաղթանքներ կատարեցին միասնական ծրագիրներու իրագործութեան համար:
Թղթակից