Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցին Հիւրընկալեց Սուրիահայ Հայրենակիցներ

Կիրակի, 10 Յունուար 2016-ին, Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեանի կողմէ: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բարեշնորհ սարկաւագները, պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Կոմիտաս» Դպրաց Դասը:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Եկեղեցւոյ «Մարի Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ djokh ճաշկերոյթ մը, ի պատիւ նոր ժամանած Սուրիահայերու, Հովանաւորութեամբ Kanadahayotz Temi  Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, կազմակերպութեամբ՝ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին, համագործակցութեամբ՝ Հայ Տունի:

Հայ Տան վարչութեան անդամներ – Մեծազնիվ Տիկնայք՝ Նայիրի Թավլեան, Անա Պապազեան, Սերենա Գասպարեան, Գաբրիելա Ճերահեան, Մարի Գեորգ եւ Մեծարգոյ Տիար Ժոզեփ Նամուր արժանացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական Օրհնութեան եւ Գնահատանաց Գրին:
Միջոցառմանը ներկայ էին 300 եւ աւելի Սուրիահայ հայորդիներ, որոնք վայելցին ընկերային հաճելի եւ անմոռանալի պահ մը, մեր Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս:
Այս յիշատակելի ճաշկերոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը, որուն բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար՝ Տիկին Ատրինէ Աղազարեան: Ան իր խօսքով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր նորահաստատ Սուրիահայ հայորդիներուն եւ մաղթեց անոնց յարատեւ յաջողութիւն եւ վերելք, այս օտար ափերու տարածքին, իրագործելու իրենց փափաքները:
Յաջորդաբար շարունակելով յայտագիրը խօսք առաւ Տիկին Նայիրի Թավլեան, որպէս Հայ Տունի Ներկայացուցիչ: Այնուհետեւ, իր խօսքով ներկայացաւ նաեւ՝ Լաւալի քաղաքապետարանի Խորհրդատու՝ Պրն. Փաուլօ Կալաթթի, որ իր խօսքով եւս բարի գալուստ մաղթեց մեր նոր հայրենակիցներուն եւ շնորհաւորեց Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, մաղթելով խաղաղութիւն եւ յաջողութիւն:
Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան յայտագրի աւարտին իր կարգին հրաւիրեց Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան փոխանցելու իր սրտի խօսքը:
Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր օհնութիւնն ու Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան մաղթանքները փոխանցեց բոլորին եւ շեշտեց, որ մեր նորահաստատ քոյրներն ու եղբայրները, այսօր կարելիութիւնը ունեցան մեզ հետ ըլլալու շնորհիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի նախաձեռնութեան եւ Հայ Տունի աջակցութեան:
Ձեռնարկի աւարտին յուշանուէրներ բաշխուեցան նոր ժամանած ընտանիքներուն: