ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՇԷՆՔԸ ԿԸ ԹԵՒԱԿՈԽԷ ՏԱՆԻՔԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԻ ԾՐԱԳԻՐԸ ԶՈՒԳԱՀԵՌԱԲԱՐ ՎԵՐԵԼԱԿԻ ԾՐԱԳՐԻՆ
Լուսաբանուելու համար Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի լայնածիր վերանորոգութիւններու մանրամասնութիւններու մասին, դիմեցինք Ծխական Խորհուրդի անդամ Ճարտարագէտ՝ Պրն. Վարդան Գարասէֆէրեանին, եւ տեղեկացանք թէ անկախաբար վերելակի կառուցման ծրագրէն, աւելի կարեւոր եւ անյետաձգելի պարագայ մը յայտնուած էր որ կը կարօտէր անմիջական նորոգութեան: Եկեղեցաշէնքի տանիքին, գմբեթին եւ երկու գլխաւոր պատերուն վատթարացումն էր, որ եթէ անմիջական նորոգութեան չ’ենթարկուէր, կրնար ապահովութեան լուրջ վտանգ մը յառաջացնել:
Նախ տեղեկացանք թէ վերելակի ծրագիրը իր յարակից բարեփոխումներով նախատեսուած ընթացքով կը զարգանար եւ կը սպասուի որ մինչեւ Յունուարի վերջը աւարտի: Իսկ տանիքի պարագան որպէսզի համայնքին մէջ վրդովում եւ մտահոգութիւն չյառաջանար, մասնագէտներու եզրակացութեան եւ թելադրութիւններուն անսալով, սկսաւ նորոգման աշխատանքը:
Լաստակներ (scaffolding) սարքուեցան եկեղեցւոյ ներսը, որ շաբաթավերջերուն կը քակուէր, որպէսզի արգելք չհանդիսանար եկեղեցական արարողութիւններուն: Աւելի քան 80 տարիներու կեանք մը ունեցած եկեղեցաշէնքի տանիք-գմբեթը որ հեծած է զուգահեռ երկու գլխաւոր պատերուն վրայ, տարիներու ընթացքին իր ծանրութեամբ երկու պատերը սկսած էր դէպի դուրս ծռել: Այս պարագան յատուկ գործիքներով ստուգուած էր մասնագէտներու (civil engineer) կողմէ: Եթէ այս ընթացքը շարունակուէր, լուրջ վտանգ կրնար յառաջանալ, ամբողջ տանիքի եւ զուգահեռ երկու գլխաւոր պատերու փլուզումով: Անմիջապէս, չորս պողպատեայ ձողերու եւ 8 հատ 8 ft. x 12 in. տափարակ մետաղներու (plate) ցիմէնտով պատին կպցուած, առաստաղի լայնքին երկու պատերը իրարմով ամրացան եւ ձողերը սեղմուեցան, արգելք ըլլալու համար պատերու շարունակական ծռումին: Պատերուն վրայ զետեղուեցան նաեւ մի քանի չափող գործիքներ (gauge) որոնց միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ տարին անգամ մը ստուգել թէ երկու պատերու վերի մասերը կը շարունակե՞ն հեռանալ իրարմէ:
Ցեղունին մօտ զետեղուեցան յատուկ հովահարներ որոնք պիտի միախառնեն դէպի ցեղուն բարձրացող տաք օդը, որ այս ձեւով պիտի բարեխառնուի եւ արգելք ըլլայ ջերմաստիճանի վերիվայրումներէ յառաջացած բարդութիւններուն:
Շարք մը այլ նորոգութիւններ եւս կատարուեցան սրբագրելու համար բոլոր պատճառները որոնք յաճախակի կերպով անձրեւաջուրի հոսք կը պատճառէին եւ անհրաժեշտ կը դարձնէին տանիքի մասնակի նորոգութիւններ: Այդ հարցը այժմ միանգամ ընդմիշտ լուծուած կը համարուի: Տանիքի աղիւսներու (ardoise, slate) վնասուածները փոխարինուեցան նորերով: Անձրեւաջուրը պատէն հեռու պահող խողովակները (gutter) մեծ մասամբ կոտրտած էին եւ փոխարինուեցան նորերով: Վերանորոգուեցան նաեւ երկու անկիւններու տափարակ տանիքները (flat roof): Միջոցներ առնուեցան որ ջուրը չ’անցնի քարերուն տակը, այլ հոսի կղմինտրներու վրայէն դէպի վար:
Այս աշխատանքի հիմնական մասը արժեց մօտ 100,000 տոլար որ ամբողջութեամբ նուիրուած է համայնքին ծանօթ բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Վրէժ եւ Իմաստուհի Նիկողոսեանի կողմէ: Վերանորոգման այս եւ յարակից աշխատանքները կը շարունակուին եւ վստահաբար պիտի կարօտին ժողովուրդին շարունակական նիւթական օժանդակութեան:
Պրն. Գարասէֆէրեան կ’եզրակացնէ թէ այս փորձառութիւնը իբր օրինակ պիտի ծառայէ եւ շեշտէ կարեւորութիւնը բոլոր կառոյցներու լաւ վիճակի մէջ պահելու՝ հերթական քննարկումներով (preventative maintenance), որպէսզի կանխատեսուին հարցերը նախ քան լուրջ խանգարումներու եւ վնասներու գոյացման:
Թղթակից