Յարութիւն Սէլիմեան. «Թուրքիան, ի պատասխան Պունտեսթակի բանաձեւին, փորձեց մեծ հարուած հասցնել հայ ժողովուրդին Սուրիոյ մէջ»

«Իրավիճակը Հալէպի հայաշատ թաղամասերուն մէջ վերջին օրերու ընթացքին համեմատաբար լաւ է»,- 168.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է Հալէպի Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ, վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան` անդրադառնալով Հալէպի հայաշատ թաղամասերուն մէջ տիրող իրավիճակին: Ան նշած է, որ անցնող շաբաթը բաւական ծանր զարգացումներով աւարտեցաւ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերուն համար, քանի որ հայկական թաղամասերը դարձած էին զինեալ ընդդիմադիրներու գործունէութեան թիրախ:

Ըստ անոր` տարբեր կարծիքներ կը շրջանառուին, թէ ինչու նման բան պատահեցաւ: «Անձնապէս իմ վերլուծութիւնս այն է, որ այս դէպքերը զուգորդուած էին Գերմանիոյ Պունտեսթակի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին  հետ: Ուստի թրքական գործօնները համագործակցաբար` թուրք զինեալ ընդդիմադիրներու, եւ յատկապէս` «Ժապհաթ ալ Նուսրա»-ի հետ, փորձեցին աւելի մեծ հարուած եւ ապտակ հասցնել հայ ժողովուրդին, այս պատճառով ալ կենտրոնացումը այդ օրերուն հայաշատ կեդրոններու եւ թաղամասերու վրայ էր: Անշուշտ, Հալէպի այլ բաժինները անմասն չմնացին, բայց ոչ այնպէս, ինչպէս հայկական թաղամասերը»,- մեկնաբանած է Վերապատուելին։

Ան տեղեկացուցած է, որ երբ անցեալ շաբաթուայ ընթացքին տեղի ունեցած յարձակումներու հետեւանքով հայկական թաղամասերը յայտնուեցան վտանգի տակ, Սուրիոյ մէջ հայ ժողովուրդի բաւական մեծ մասը իրենց տուներէն հեռացաւ եւ տեղափոխուեցաւ յարաբերականօրէն աւելի խաղաղ բնակավայրեր` քաղաքի ներքին կեդրոնական հատուածներ: «Սակայն այս 2-3 օրերու ընթացքին Սուրիական ազգային բանակը ռուսական օդուժի օգնութեամբ բաւականաչափ մեծ ռազմական յաղթանակներ տարաւ: Երկու գլխաւոր կէտեր կան դէպի ծայրամասեր, որոնցմէ մէկը Պուստան Պաշան է, միւսը` քիչ մը աւելի արեւելեան կողմն է, որ կը կոչուի Փենիզեթ, այս շրջաններուն մէջ վերջին քանի մը օրերուն մեծ ռազմական գործողութիւններ տեղի ունեցած են, եւ այս շրջաններու հիւսիսային կողմը, որ ընդհանրապէս դէպի Թուրքիա է, բացուած է, ներկայիս սուրիական բանակը շրջափակած է այդ երկու շրջանները, դէպի Թուրքիա ճանապարհի վրայ եւս սուրիական բանակը տեղաւորուած է: Այս երկու թաղամասերը, ուրկէ հրկիզումներ եւ կրակահերթեր, հրթիռակոծութիւններ տեղի կ’ունենային դէպի Հալէպի բոլոր թաղամասերու ու բնակիչներու վրայ, արդէն շրջափակուած են սուրիական բանակին կողմէ:

«Մեծ ակնկալիքներ կան, որ գալիք 24-48 ժամուայ ընթացքին պէտք է ներխուժում կատարուի սուրիական ուժերուն կողմէ` դէպի այլ թաղամասեր եւս: Անոնք, որոնք կը յանձնուին եւ զէնքերը կը յանձնեն, պէտք է պետութեան տրամադրութեան տակ յայտնուին, իսկ անոնք, որոնք` ոչ, գիտէք` ինչպիսի նահանջի կը մատնուին: Հալէպի փրկագործութեան նախընթացը այս մէկ-երկու օրերու ընթացքին պիտի ձեւակերպուի»,- ըսած է Յարութիւն Սէլիմեան:

Վերջինս նաեւ տեղեկացուցած է, որ գոհ են ՀՀ իշխանութիւններէն Սուրիոյ հայ համայնքի կարիքները հոգալու եւ անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: «Մենք մեր տեսակէտը յայտնած ենք: Մենք պէտք է կառչած մնանք մեր եկեղեցիներուն, վարժարաններուն, պէտք է ինքնապաշտպանութեան դիմենք, երբ անհրաժեշտ ըլլայ, բայց արգելք չըլլանք այն մարդոց համար, որոնք կը ցանկան հեռանալ Սուրիայէն:

«Այսպիսիներուն մեր տուած ուղղութիւնը հետեւեալն է` թող անոնք երթան ու ապաստան գտնեն Մայր հայրենիք: Մենք այդ հարցով կ’օժանդակենք անոնց: Այսպէս մենք կը խնայենք եւ կը պահպանենք մեր ժողովուրդը վտանգներէ, որոնք մեր ազգին կը սպառնան այս օրերուն: Մեր ակնկալութիւնը այս օրերուն ՀՀ իշխանութիւններէն այն է, որ այն անհատները, որոնք ընդհանրապէս ժամանակաւոր կամ մնայուն հեռացած են Հալէպէն, ունենան համապատասխան կեցութեան վայրեր Հայաստանի, եւ հարկային դրոյթը օգտակար ըլլայ իրենց համար, որպէսզի կարենան աւելի նուազ տագնապի ենթարկուին եւ իրենց կարիքները հոգան: Միեւնոյն ժամանակ` ուսումնակրթական ծրագիրներուն մէջ ներառուին մեր սուրիահայ աշակերտները»,- ըսած է Սէլիմեան` աւելցնելով, որ մշտապէս կապի մէջ են ու գոհ ՀՀ իշխանութիւններէն: