Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 Հոկտեմբերին այցելած է Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ Գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան առիթով կազմակերպուած տօնավաճառը:
Այս մասին կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ Բերքի տօնը հանրապետութեան մէջ արդէն դարձած է աւանդական` ընդգծելով, որ բարի աւանդութիւնները անհրաժեշտ է պահպանել ու շարունակաբար զարգացնել:
Ձեռնարկին կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: