Նախարար Նալպանտեան մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի 50-ամեակին նուիրուած հանդիպման

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Փետրուար 24-ին Նիւ Եորքի մէջ մասնակցած է ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի 50-ամեակին նուիրուած նախարարական հանդիպման: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

Ելոյթ ունենալով քննարկումներուն ժամանակ` Էդուարդ Նալպանտեան նշած է.

«Շատ բան անհնարին կը թուի, քանի դեռ անիկա չէ իրականացած». ասոնք Նելսոն Մանտելայի խօսքերն են, մարդու, որ անհնարինը իրականութիւն դարձուց: Անկախ այն հանգամանքէն, թէ որքան յաւակնոտ եւ մարտահրաւէրներով լի խնդիր դրուած է մեր առջեւ` մեր համադրուած ջանքերը պէտք է առաջնորդուին միասնական հաստատակամութեամբ առ այն, որ յիսուն տարի առաջ հիմք ծառայեց ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի հիմնադրման համար` ապահովել առաւել բարեկեցիկ կեանք բոլորի համար` առանց բացառութեան:

Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի աւելի քան 20-ամեայ գործունէութեան ընթացքին իրականացուած են շարք մը համատեղ ծրագիրներ այնպիսի առանցքային ոլորտներու մէջ, ինչպէս ժողովրդավարական կառավարումը, աղքատութեան կրճատումը, սահմաններու համալիր կառավարումը, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը եւ աղէտներու վտանգի նուազեցումը: Անցեալ տարի ՀՀ կառավարութիւնը եւ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը ստորագրեցին ՄԱԿ-ի զարգացման աջակցութեան երրորդ ծրագիրը` ռազմավարական փաստաթուղթ, որ պիտի ուղղորդէ մեր համագործակցութիւնը 2016-2020 ժամանակահատուածին` արտացոլելով Հայաստանի տեսլականը եւ յանձնառութիւնը` բարելաւելու իր բնակչութեան կենսական պայմանները:

Կարեւոր է, որ նիւթական դժուարութիւններու հետ մէկտեղ մենք առաւել ուշադրութեան արժանացնենք կայուն զարգացման ուղղուած խոչընդոտները` փակ սահմաններ, շրջափակումներ, անտեղի խտրական առեւտրային վարչաձեւեր: Ասոր վառ օրինակներէն է այն, որ Հայաստանի նկատմամբ կիրառուող անօրինական շրջափակման պատճառով չի գործեր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկաթուղին (Գիւմրի-Կարս)` խոչընդոտ հանդիսանալով տարածաշրջանային կայուն զարգացման:

2016 թուականը Կայուն զարգացման 2030-ի օրակարգի իրականացման անդրադառնալու առաջին տարին է: Նախագահելով ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի գործադիր խորհուրդին մէջ` Հայաստանը տրամադրուած է շարունակել համագործակցութիւնը այս կազմակերպութեան շրջանակներու մէջ` կայուն զարգացման նպատակներու իրականացման եւ անոնց հետ կապուած խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ»:

Խօսելով կայուն զարգացումը վտանգող հակամարտութիւններու կանխարգելման մասին` Էդուարդ Նալպանտեանը շեշտած է.

«Կասկածէ վեր է, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ ամրագրուած միջազգային յանձնառութիւններու լիակատար իրականացումը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի պետութիւններու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման` հիմնուած նաեւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքին վրայ, կրնայ էականօրէն նպաստել կանխարգիլման ջանքերուն: Պատմութիւնը մեզ կը սորվեցնէ, որ գոյութիւն ունի ուղիղ կապ մարդու իրաւունքներու իրացման կոպտագոյն խախտումներու եւ բռնութիւններով ուղեկցուող հակամարտութիւններու միջեւ: Սովորաբար, այն պետութիւնները, որոնք չեն յարգեր ժողովուրդներու ինքնորոշման հիմնարար իրաւունքը, կոպտօրէն կ՝ոտնահարեն ընդհանրապէս մարդու իրաւունքները:

Ակներեւ է համաշխարհային անվտանգութեան եւ զարգացման միջեւ կապը: Հակամարտութիւնները կրնան խոչընդոտել կայուն զարգացման: Այս է իրականութիւնը: Բայց գոյութիւն ունի նաեւ այլ իրականութիւն: Շարք մը ձգձգուած կամ սառեցուած հակամարտութիւններ կրնան տասնամեակներ տեւել: Մինչդեռ այդ տարածքներուն մէջ բնակող ժողովուրդներու ձգտումները` հասնելու կայուն զարգացման նպատակներուն նոյնքան օրինական են, որքան այլոց համար: Որոշ տարածքներու վերջնական իրաւական կարգավիճակի հաստատման ձգձգումը, մասնաւորապէս, անոնց, որոնք բանակցութիւններու առարկայ կը հանդիսանան հակամարտութեան կարգաւորման համաձայնեցուած ձեւաչափերու շրջանակներուն մէջ, պէտք չէ օգտագործուին իբրեւ պատրուակ` ոտնահարելու այդ տարածքներուն մէջ ապրող ժողովուրդներու զարգացման օրինական իրաւունքը: Ի վերջոյ, «ոչ մէկը չանտեսելու» յանձնառութիւնը կ՝ենթադրէ ոչ թէ բացառման պատճառաբանութեան արդարացում, այլ ներգրաւման միջոցներու ապահովում: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճանապարհներ գտնէ` ապահովելու հակամարտութեան գօտիներու մէջ բնակող ժողովուրդներու ներգրաւումը միջազգային համագործակցութեան` ուղղուած կայուն զարգացման նպատակներու իրագործման: ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի, ինչպէս նաեւ միջազգային այլ գործակալութիւններու եւ կազմակերպութիւններու գործողութիւնները պէտք չէ որեւէ կերպ սահմանափակում ունենան հակամարտութեան գօտիներու մէջ բնակող ժողովուրդներու համար:

Կարեւոր է հակամարտութիւններու հետեւանքով առաջացած խոչընդոտները վերափոխել գործընկերութեան դրական օրակարգ ձեւաւորելու հնարաւորութեան, ներառեալ` հակամարտութեան կողմերու միջեւ իրական վստահութիւն կառուցելու միջոցով: Բոլոր ժողովուրդները ունին անվտանգութեան եւ զարգացման համընդհանուր ձգտում: Հակամարտութեան կողմերուն միջեւ ընդհանուր տնտեսական ծրագիրներու իրագործումը կրնայ յանգեցնել վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ առաջին քայլերուն, որ առաւել կարեւոր է խաղաղութեան ընդհանուր տեսլականի ձեւաւորման տեսանկիւնէն»: