Նահատակ Հրանդ Տինք-ի 10-րդ Տարելիցի Ոգեկոչումը նշուեցաւ Մոնթրէալի մէջ՝

Ներկայութեամբ Գերմանիոյ Խորհրդարանի Անդամ, Թուրք ծագումով
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պաշտպան
ՃԵՄ ԷՕԶՏԷՄԻՐ-ի

 

Շաբաթ՝ 21 Յունուարին, Քէպէքի Հայ Կազմակերպութիւններու Միացեալ Մարմնին կազմակերպութեամբ, եւ գործակցութեամբ Զօրեան Հիմնարկին, տպաւորիչ եւ ազդու այս ձեռնարկը տեղի ունեցաւ բազմահարիւր մոնթրէալահայերու խուռն բազմութեան մը ներկայութեամբ: Ներկայ էին Եկեղեցական, երեք կուսակցութիւններու եւ համայնքի մօտ քսան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ներկայ էին Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Արմէն Եգանեան, Գանատահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան, Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ Մոնթրէալի Հիւպատոսները, Գանատայի Խորհրդարանի անդամներ:

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Գերմանիոյ Խորհրդարանի անդամ եւ Գերմանիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովող, Թրքական (Չերքէզ) ծագումով, մարդու իրաւունքներու պաշտպան ու Հրանդ Տինքի սերտ բարեկամ ու գործակից Ճեմ Էօզտէմիր:

Այս առիթով ներկայ էր նաեւ, Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի Ձեռնարկներու կազմակերպման մղիչ ոյժը հանդիսացող Գանատահայ արուեստագէտ, բարերար եւ ազգային գործիչ պրն. Րաֆֆի Պետրոսեան որ կատարեց բացման խօսքը: Ան ներկայացուց յաջորդաբար վախճանեալ Հրանդ Տինքի, անոր այրիին եւ այլ վիտէօ երիզներ, ապա ներկայացուց օրուան բանախօսը:

Ճեմ Էօզտէմիր իր աւելի քան կէս ժամ տեւող կլանիչ ներկայացման ընթացքին բոլոր ներկաները տպաւորեց իր դիւրահաղորդ, անկեղծ եւ հետաքրքրական արտայայտութիւններով: Ծնած ըլլալով Գերմանիոյ մէջ, ան սկիզբը բոլորովին անծանօթ եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան ահաւոր պատմութեան մասին, մինչեւ Հրանդ Տինքի հետ իր առաջին հանդիպումը, որմէ ետք անոր հետ հաստատած է ջերմ բարեկամական կապեր եւ խորհրդակցած է միշտ անոր հետ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին:

Ճեմ Էօզտէմիր շուտով թափանցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ներքին ծալքերուն եւ անդրադարձած է ի միջի այլոց նաեւ այդ ժամանակուայ Գայզերական Գերմանիոյ խաղացած տխուր դերին: Այս իմաստով Էօզտէմիր գործունէութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունի հայութեան համար, ոչ միայն Գերմանիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու կարեւոր աշխատանքին համար, այլ նաեւ այդ մեծ ոճիրին մէջ Գերմանիոյ խաղացած տխուր դերը նոյն ինքն գերմանացիներուն մատնանշելուն համար:

Իր խօսքի աւարտին, Էօզտէմիր սիրով եւ մանրամասն կերպով պատասխանեց ներկաներուն կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն:

Ճեմ Էօզտէմիր բազմիցս յոտնկայս երախտագիտական ծափահարութիւններով ողջունուեցաւ ներկայ հոծ բազմութեան կողմէ:

Վերջաւորութեան խօսք առաւ Հայաստանի դեսպանը որ նաեւ այս առիթով կատարեց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի իրենց օժանդակութիւնը բերող կարգ մը անձնաւորութեանց, գնահատանքի վկայականներու, լրացուցիչ տուչութեան ժէսթը:

Ներկայ ժողովուրդը մեկնեցաւ այս ձեռնարկէն, որ տեղի կունենար Հ.Մ.Ը.Մ. «Կամք» Հայկ Մարգարեան, մարզասրահին մէջ, խորապէս տպաւորուած, երախտագիտութեան իր զգացումները վերանորոգած նահատակ Հրանդ Տինքի յիշատակին, եւ յատուկ գնահատական եւ շնորհակալական իր արտայայտութիւնը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ՝ հանդէպ

Գերմանիոյ Խորհրդարանի Անդամ եւ հայ ժողովուրդի բարեկամ Ճեմ Էօզտէմիրին:

Քէպէքի Հայ Համայնքի Կազմակերպութիւններու Միացեալ Մարմինը շնորհաւորելի է, այս կարեւոր ձեռնարկը պատշաճ կերպով կազմակերպած ըլլալուն համար:

   Թղթակից