Ստորեւ կը հրատարակենք, մի քանի ամիս առաջ, Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի սփիւռքահայութեան կատարած ընդհանուր կոչին որպէս պատասխան, Գանատահայ ծանօթ ազգային Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի նամակ-պատասխանը:
Իր ժամանակին այս նամակը բաժնուած էր նաեւ սեղմ շրջանակի մը մէջ: Այսօր սակայն, ընդառաջելով այդ սեղմ շրջանակէն շատերուն պնդումին, եւ նկատի առնելով պարունակութեան շարունակական այժմէականութիւնը, զայն կը հրատարակենք ի գիտութիւն ընդհանուր հասարակութեան :
Խմբ.
Մոնթրէալ 15 Մարտ 2017
Մեծայարգ եւ Սիրելի Պրն. Կարէն Կարապետեան
Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւան.
Այս նամակը կը գրեմ Ձեզ, հաւանաբար բազմաթիւ ուրիշներու կարգին, որպէս Սփիւռքահայ մը որ խորապէս առնչուած է ազգային հարցերով եւ որ իր անձնական եւ ընտանեկան պարագաներու փաստացի օրինակով, բազմատասնեակ տարիներու ընթացքին գործնապէս իր լուրջ հատուցումը բերած է, հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերը հետապնդող ջանքերուն, այլազան անձնական եւ հաւաքական նախաձեռնութիւններով:
Ես եւս անոնցմէ եմ որ կարդացի Ձեր կոչը ուղղուած Սփիւռքահայութեան, առաջին հերթին անկեղծ գոհունակութեամբ, այնտեղ Ձեր արտայայտած սրտբաց ընդհանուր հրաւէրին եւ զօրակոչին նկատմամբ, Կոչ որ կատարած էք որպէսզի բազմամիլիոն Սփիւռքահայութիւնը իր ոյժերը մասնակից դարձնէ Մայր Հայրենիքի կերտումին եւ յառաջդիմութեան նուիրուած աշխատանքներուն:
Սակայն նաեւ, հիմնուելով վերոյիշեալ տուեալներով ունեցած իմ անձնական եւ հաւաքական կեանքի փորձառութեանց վրայ, պարտաւոր կը սեպեմ ինքզինքս, Ձեր ուշադրութեան բերել հիմնական կէտեր եւ անոնցմէ բխած, յանուն հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն, ուղղուած պահանջքներ, ուղղած Ձեզի եւ Ձեր Վարչապետի հանգամանքին, որպէսզի երբ Ձեր կատարած կոչէն ետք, անխուսափելիօրէն գայ ժամանակը ուր հաշուեյարդարը կատարուի ընդհանրապէս եւ յատուկ օրինակներով, կոչէն բխած արդիւնքներուն եւ Սփիւռքահայութեան պատասխանին, այն ժամանակ կարելի ըլլայ արդարօրէն նշել պատասխանատուութիւնները գործնական դրական կամ բացասական արդիւնքներուն նկատմամբ:
Մեծայարգ Պրն. Վարչապետ, Հայաստանի անկախացումէն 25 տարի ետք, բոլորս, Դուք եւ մենք համաձայն ենք թէ րոմանթիք հայրենասիրութեան շրջանը բոլորովին անցած է:
Ձեր կոչը կարդացող եւ լսող ամէն մէկ հայուն եւ յատկապէս Սփիւռքահայուն համար կան երկու անխուսափելի տուեալներ որոնց ազդեցութեան վրայ յենելով է որ, Սփիւռքահայը իր յաջորդ քայլը պիտի առնէ որպէսզի ան պատասխանէ դրապէս եւ կամ մնայ պարզապէս անտարբեր Ձեր տուած սրտբաց հրաւէրին:
Այդ տուեալներէն առաջինը դժբախտաբար այն բոլոր ձախորդ փորձերը եւ յաճախ խոր ցաւ պատճառող վնասներն են որ ունեցան բազմաթիւ Սփիւռքահայեր, վերոյիշեալ րոմանթիք հայրենասիրութեան շրջանին, երբ անոնք ազնիւ եւ հայրենասիրութեամբ լեցուն մեծ կամ փոքր փորձեր կատարեցին, Հայաստան գալու եւ իրենց մասնակցութիւնը եւ հատուցումը բերելու երկրին զարգացման աշխատանքին: Այս մասին աւելորդ է աւելին ըսել: Անոնցմէ մի քանի հատին, ես անձնապէս շատ մօտէն ծանօթ եւ անձնապէս վկայ եղած եմ:
Եթէ վերեւի այս տուեալը կը պատկանի անցեալին, երկրորդ տուեալը կը վերաբերի այսօրուայ իսկ պարագաներուն եւ այստեղ է ուր ակնկալութիւնը եւ պահանջքը կ’իյնայ ամբողջովին Ձեր վրայ:
Այս երկրորդ տուեալը պատկերաւոր եւ փաստացի կերպով ներկայացնելու համար փոխան երկար եւ յատուկ օրինակներ տալու, պիտի զայն բնորոշեմ հետեւեալ խտացած կերպով:
Որպէսզի Սփիւռքահայը եւ կամ աւելի ճիշդը, ներառեալ Հայաստանաբնակ եւ արտագաղթի ճամբան բռնած հայը, հանգիստ զգայ իր կարողութիւնը, միջոցները եւ հետաքրքրութիւնը ուղղելու դէպի Հայաստան, անհրաժեշտ է որ կարենաք երաշխիքը տալ թէ պետական շրջանակները իրական ջանքերով ամէն միջոց յանձն առած են որպէսզի առօրեայ վերաբերմունքի եւ գործի փոխանակումներու մէջ տիրէ յարգանք հանդէպ, ստորագծուած նորմալ բարոյականի եւ արդարութեան, գոնէ այնքանով որ մեր ապրած, յատկապէս Արեւմտեան երկիրներուն մէջ, այս երկուքին նկատմամբ գոյութիւն ունի բնական ակնկալութիւն եւ հասկացողութիւն, քաջ գիտնալով հանդերձ թէ ամէն տեղ կան սայթաքումներ, սակայն չ’կան այդ այլանդակ երեւոյթները որոնք դժբախտաբար կը տիրեն Հայաստանին մէջ եւ որոնց մասին եթէ չ’առնուին արմատական միջոցներ, Ձեր կոչը դժբախտաբար պիտի չ’ունենայ իսկապէս դրական արձագանգ:
Բարոյականի եւ արդարութեան նկատմամբ հրապարակաւ տեսանելի յարգանք պահանջել եւ պարտադրել պետական կառոյցներէն եւ այնտեղ գործողներէն Ձեր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ են: Նոյնպէս մեր իրաւունքն է պահանջել Ձեզմէ որ առնէք յարկ եղած թերեւս քաղաքականօրէն դժուար սակայն անհրաժեշտ քայլերը, որպէսզի անկէ ետք մենք բոլորս դառնանք Ձեր կոչին ջատագովողները, խօսափողները եւ դրական պատասխանողները:
Վերջացնելէ առաջ այս նամակս, չի մնալու համար վերացական ոլորտի մէջ, կ’ուզեմ մատնանշել որպէս սիմպոլիք օրինակներ մի քանի յատուկ եւ գոնկրէտ պարագաներ որոնք տարբեր ձեւերով կրնան հրապարակաւ դրսեւորել վերեւը իմ մատնանշած ընդհանուր անկիւնադարձային քաղաքական առողջ մթնոլորտի ստեղծման համար Ձեր առնելիք քայլերը: Պիտի այստեղթուեմ երեք տարբեր բնագաւառներու վերաբերող օրինակներ, երթալով ընդհանուրէն դէպի շատ մասնաւոր հարցեր:
Առաջին առաջարկս կը վերաբերի Սփիւռքահայ գործարարներուն, գործնապէս վստահութիւն ներշնչելու, դիւրութիւն եւ քաջալերութիւն հայթայթելու մտահոգութեան: Այս նպատակով, կ’առաջարկեմ որ ստեղծէք «Հայաստանի մէջ Սփիւռքահայ Գործարնութեանց Նախարարութիւն» մը որուն աշխատանքի դաշտը ըլլայ, նախ քաջալերել եւ յայտնաբերել այն սփիւռքահայերը որոնք կրնան հետաքրքրուիլ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելով, եւ յետոյ եւ մանաւանդ տարրացիօրէն առաջնորդել մանրամասնօրէն քայլ առ քայլ այդ սփիւռքահայը իր ամէն քայլափոխին որպէսզի ան չի հանդիպի հարկային թէ այլ օրէնքներու խաժամուղի մը երբ սկսի ոտք դնել Հայաստան եւ հաստատել իր գործը Հայաստանի մէջ: Այս նախարարութիւնը պարտի իր գլուխը ունենալ Հայաստանաբնակ եւ նաեւ Սփիւռքահայ որակաւոր համապատասխան անձնակազմ մը:
Երկրորդ առաջարկս կը վերաբերի ընդհանուր բարոյական բարձր մակարդակի նկատմամբ լրջութեան հաւաստիք վերստեղծելու Սփիւռքահայուն մօտ:
Խօսքս կը վերաբերի անթիւ եւ անհամար, լուրջէն մինչեւ ծիծաղելի, հասկնալի եւ անհասկնալի շքանշաններ տալու, ստեղծուած անլուրջ սովորութեան: Ես եւս ըլլալով այդպիսի շքանշանի մը ստացողներէն մին, կրնամ հանգիստ կերպով կատարել այս քննադատութիւնս եւ առաջարկս:
Այսօրուայ ստեղծուած վիճակով , արժանաւորը եւ անարժանը անխղճօրէն իրար խառնուած են: Հետեւաբար պէտք է գիտնաք թէՀայաստանէն ստացուած որեւէ շքանշան այսօր քմծիծաղով կ’ընկալուի մեր մօտ: Կը բաւէ որ մէկը ունենայ «ազդեցիկ» բարեկամ մը որպէսզի ստանայ ոսկեայ թէ ադամանդեայ կամ արծաթեայ շքանշան: Այս եւս կը վերաբերի բարոյականի նկատմամբ Հայաստանի մէջ ստեղծուած արհամարհանքի երեւոյթին:
Կ’առաջարկեմ որ, հետեւելով այլ լուրջ պետութեանց եւ հաւաքականութեանց սովորութեան, հաստատէք տարբեր շքանշաններու համապատասխան յստակ եւ հրապարակուած չափանիշներ, եւ շքանշանները այսուհետեւ շնորհուին որեւէ թեկնածուի պայմանաւ որ ան իր գոնկրէտ գործունէութեամբ լրացնէ այդ չափանիշներու պահանջքները: Իսկ ես համաձայն եմ որ մինչեւ այսօր տրուած շքանշանները վերագնահատուին եւ ջնջուին անոնք որոնք չեն լրացներ չափանիշներու պահանջքները եւ կամ բոլորն ալ ջնջուին:
Երրորդ եւ վերջին առաջարկ օրինակս, բարոյականին եւ արդարութեան նկատմամբ յարգանք վերահաստատուած տեսնելու կապակցութեամբ, կը վերաբերի իմ պատկանած, հայ աւանդական կուսակցութիւններէն ամենահին եւ ամենանորին՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, ՌԱԿ-ին:
Յարգելի Պրն. Կարապետեան, նոյնիսկ եթէ անձնապէս Դուք պարագաներու բերմամբ անմիջականօրէն չէք առնչուած Հայ Աւանդական Կուսակցութեանց գործունէութեանց հետ, շատ հեշտ է գտնել անոնց մասին պատմական գոնկրէտ տուեալներ:
Ես կը խօսիմ եւ կը գրեմ որպէս ՌԱԿի երկար տարիներու ղեկավար մը եւ յատկապէս մինչեւ 1995 Հայաստանի անկախացման առաջին տարիներուն, անոր Կեդրոնական Վարչութեան երկարամեայ Ատենապետը: ՌԱԿը պատմական տուեալներով անխոնջ եւ անսակարկ առաջնորդը եւ հայրենասիրութեան ջահակիրը եղած է յատկապէս Սփիւռքի մէջ եւ անվերապահ յենարան մը Էջմիածնակեդրոն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան:
Դժբախտաբար սակայն անցնող տասնեակ մը տարիներուն ՌԱԿը զոհը դարձաւ ներքին անիմաստ անհամաձայնութեանց, սակայն անձնապէս խորապէս քաջալերուած եւ ուրախ եմ տեսնելով թէ վերջին մէկ տարուայ շրջանին դրական եւ հիմնական նախաձեռնութիւններով, աշխարհատարած ՌԱԿի անդամակցութիւնը վերականգնումի մեծ աշխատանք մը տարաւ,
միացնելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի իր անդամակցութեան ոյժերը անցեալ Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կատարած իր համաժողովով: ՌԱԿը վերահաստատեց ինքզինք որպէս Հայաստանակեդրոն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, իր Հայաստանի օրէնքներուն վրայ հիմնուած օրինական Կեդրոնական Վարչութեամբ եւ համասփիւռքեան Գերագոյն Խորհուրդով: ՌԱԿը իր աշխարհատարած եօթը թերթերով եւ յատկապէս անգլիատառ ամենաազդեցիկ The Armenian Mirror Spectator թերթով կը հանդիսանայ ամէնահաւատաւոր եւ յարգուած քաղաքական կազմակերպութիւնը որ ինչպէս անցեալ հարիւրամեայ տարիներուն իր գործունէութեան ընթացքին այսօր եւս անշեղ կերպով կը գործէ յօգուտ Հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն:
Այս ՌԱԿ-ի մասին երկար ներածականէն ետք Ձեր ուշադրութեան կ’ուզեմ յանձնել թէ այսօր տակաւին դժբախտաբար կայ փոքր անջատողական խմբակ մը ՌԱԿ-ին մէջ որ կը մնայ անջատ այս մեծ շարժումէն եւ սակայն ինքզինք կը շարունակէ կոչել «ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն»: Այս վերջինը չունի կանոնագրային ոչ մէկ հիմք: Սակայն մեծ զարմանքով, յուսախաբութեամբ, եւ դժգոհութեամբ ականատես ենք այն անհաւատալի երեւոյթին որ, հակառակ իրենց տրուած բոլոր բացատրութեանց, Հայաստանի պետական օղակներ կը շարունակեն ինչ ինչ պատճառներով տակաւին լուռ կամ բացայայտ կերպով զօրավիգ կանգնիլ այդ անօրինական խմբակին եւ անտեսել Հայաստանակեդրոն եւ օրինական Ռ.Ա.Կ.ի հսկայ շարժումը: Ինչո՞ւ արդեօք:
Այս երկար նամակիս մէջ բարոյականի եւ արդարութեան հանդէպ յարգանք ցոյց տալու անհրաժեշտութեան օրինակներուն մաս կը կազմէ որ այս կապակցութեամբ եւս յետ լուրջ քննութեան եւ ի պահանջել հարկին իմ եւ ուրիշ հաւաստի աղբիւրներու վկայութեամբ անհետաձգելիօրէն վերջ տաք այս անընդունելի եւ անարդար կեցուածքին: Այս մասին կ’սպասենք Ձեր պատասխանին:
Յարգելի եւ սիրելի Պրն. Կարէն Կարապետեան Ձեր սքանչելի կոչը, բնականօրէն հրաւէր է նաեւ լուրջ եւ թերեւս դժուար իրագործելի եւ սակայն անհրաժեշտ փոխադարձ շինիչ առաջարկներու: Հաճեցէք այս գրութիւնս ընդունիլ որպէս այդ:
Յարգանքներով եւ Յաջողութեան մաղթանքներով՝
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Անդամ Ռ.Ա.Կ.-եան Գերագոյն Խորհուրդին
Շրջանաւարտ Ատենապետ ՌԱԿ. Կեդրոնական Վարչութեան (1980-1995)
Պատուոյ Ատենապետ Գանատահայոց Հ. Ա. Եկեղեցւոյ Թեմական Խորհուրդի
Շրջանաւարտ փոխ նախագահ Հ.Բ.Ը.Մ. Կեդրոնական Վարչական Ժողովի Անդամ եւ այժմ Վաստակաւոր (Emérite) Անդամ Հ.Բ.Ը.Մ. Կեդրոնական Վարչական ժողովի