Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: Այս մասին, ըստ News.am-ի, Փետրուար 9-ին Երեւանի մէջ` ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ, ըսած է Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարկօ Ուոլըսթրոմ:
Ըստ իրեն, պէտք է ամէն ինչ ընել հակամարտութեան սրումէն խուսափելու համար:
Շուէտի ԱԳ նախարարի խօսքով` անհրաժեշտ է ջանքեր գործադրել ԵԱՀԿ ՄԽ հովանիին տակ լուծում գտնելու համար: «Կողմերուն կոչ կ՝ընենք աշխատելու հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղղութեամբ»,- ըսած է նախարարը։