Ուորլիք. «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը սառեցուած չէ»

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Պի.Պի.Սի.»-ի ատրպէյճանական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները կը շարունակեն աշխատանքը ղարաբաղեան հիմնախնդիրի հակամարտող կողմերուն հետ համապարփակ համաձայնագիրի մանրամասնութիւններուն շուրջ, սակայն այս հարցը նախ եւ առաջ կախեալ է երկու երկիրներու նախագահներու քաղաքական կամքէն: Ան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը սառեցուած չէ:

Ան մտահոգութիւն յայտնած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ լարուածութեան աճին գծով` ընդգծելով, որ ծանր զէնքերու օգտագործումը անթոյլատրելի է: «Մենք մասնաւորապէս մտահոգուած ենք խաղաղ բնակչութեան շրջանակին մէջ արձանագրուող կորուստներուն առնչութեամբ եւ կոչ ուղղած ենք կողմերուն ձեռնարկելու հաւանական բոլոր քայլերուն` այդպիսի բռնութիւնը կանխարգիլելու համար: Յանուն կացութեան կայունացման` մենք կը շարունակենք քննարկումները վստահութեան ստեղծման եւ կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու աւելի կառուցողական մթնոլորտի համար», ըսած է Ուորլիք` ընդգծելով, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի հերթական նստաշրջանին ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին նախ եւ առաջ պիտի քննարկուին լարուածութեան թուլացման ու զինադադարի դրութեան պահպանման առնչուող հարցեր: