Ուորլիք. «Պէտք է լսել Լ. Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութեան ձայնը»

«Միացեալ Նահանգներու` Լեռնային Ղարաբաղի տէ ֆաքթօ կառավարութեան հետ կապուած քաղաքականութիւնը կը մնայ անփոփոխ: Մենք կը յարգենք Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը»: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ի, ըսած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք:

Համանախագահը նշած է, որ տարածքի հարցը մաս կը կազմէ տագնապին բազմակողմանի լուծման. «Անոր մէջ կը մտնէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշումը: Կ՛արժէ նշել, որ արդարացի լուծումը պիտի հիմնուի միջազգային իրաւունքին վրայ: Անոր մէջ կը մտնէ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթը եւ ուժ ու սպառնալիք չկիրարկելու սկզբունքը, ներառեալ նաեւ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքները: Ո՛չ մենք, ո՛չ Հայաստանը, ո՛չ ուրիշ երկիր կ՛ընդունի Լեռնային Ղարաբաղի վարչակարգը: Միաժամանակ անհրաժեշտ է լսել Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութեան ձայնը, ինչ որ նաեւ կ՛ընեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները», աւելցուցած է ամերիկացի համանախագահը: