Չեխիոյ մէջ հայկական համայնքը յառաջիկային պիտի աշխուժացնէ ջանքերը կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի հարցերուն հետ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը տեղեկացնէ «Ուրարտու հայ չեխական միութեան» նախագահ Ալեքսանդր Սարգսեանը` ընդգծելով, որ կ՝աշխատին տարբեր պատգամաւորներու հետ եւ խորհրդարանին մէջ աջակիցներ ունին:
«Ուրարտու հայ չեխական միութեան» նախագահ Ալեքսանդր Սարգսեան` ընդգծելով, որ կ՝աշխատին տարբեր պատգամաւորներու հետ եւ խորհրդարանին մէջ աջակիցներ ունին: «Մենք կը փորձենք նաեւ գտնել յատուկ մարդիկ, որոնք աւելի ազդեցիկ են Չեխիոյ կառավարութեան մէջ եւ, առիթը օգտագործելով, կրկին բարձրացնել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը: 2015 թուականին բաւական աշխոյժ աշխատեցանք: Կազմակերպուեցան ձեռնարկներ, 2500 հայ երթով գնաց դէպի նախագահի նստավայր»,- ըսած է Ալեքսանդր Սարգսեան` աւելցնելով, որ աշխոյժ կերպով կ՝աշխատին նաեւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու հետ:
Ալեքսանդր Սարգսեանը ներկայացուցած է նաեւ ծրագիր մը, որուն ծիրէն ներս Չեխիոյ կրթական հաստատութիւններուն մէջ կ’իրականանան դասընթացներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Այդ գործընթացը Չեխիոյ մէջ սկսած է 2008-2009 թուականներուն: Սկիզբը մէկ կրաֆիքական դպրոցի մէջ երկու տարի շարունակ երրորդ, չորրորդ դասարաններու մէջ երկու ամիս Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դասընթաց իրականացած է: Այնուհետեւ ուսանողները ներկայացուցած են Հայոց Ցեղասպանութիւն թեմայով աշխատանքներ: Յետագային կազմակերպուած են Հայաստանի ու Չեխիոյ ուսանողներու փոխայցեր:
Ալեքսանդր Սարգսեանի տեղեկութիւններով՝ յետագային Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը տուած է համաձայնութիւն դպրոցներու ուսուցիչները վերապատրաստելու, որպէսզի պատմութեան առարկայի դասաւանդման ժամանակ ներկայացուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը: Այժմ կը կատարուի դպրոցներու ուսուցիչներու վերապատրաստում, մասնակիցներուն կը տրուի մեթոտական ձեռնարկ: «Իհարկէ, այդ դասընթացը դպրոցներու մէջ կը կատարուի կամաւոր սկզբունքով, բայց հիմա կը ձգտինք հասնիլ այն բանին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման արդէն դասագիրքի մէջ ներառուի»,- աւելցուցած է Ալեքսանդր Սարգսեանը:
Անոր տեղեկացութիւններով` Գերմանիոյ մէջ Մարտ 4-6 պիտի կայանայ Եւրոպայի հայերու միութեան խորհրդաժողովը: «Բոլորս այնտեղ պէտք է հաւաքուինք եւ յստակացնենք ոչ միայն Չեխիոյ մէջ, այլեւ միւս եւրոպական երկիրներու մէջ հայկական համայնքի աշխատանքները համակարգելու հարցը: Կարեւոր է` Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի կողքին դնել նաեւ Արցախի հարցը: Անիկա աւելի հրատապ դարձած է, շատ ցաւալի է, երբ պարբերաբար սահմանին զինուորներ կը զոհուին: Այս բոլորէն բացի, օրակարգին դրուած է հարց, ինչպէս ընել, որ Եւրոպայի հայերու միութիւնը աւելի ամուր դառնայ»,- ըսած է Ալեքսանդր Սարգսեանը: