ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Untitled

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԵՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ

 

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

ԿՈՒ ԳԱՆՔ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ թէ Հայաստանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ամբողջութեամբ ներգրաւուած է հայրենիքի քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային կառոյցին մէջ՝ սփիւռքի եւ հայրենիքի նոր իրադարձութեանց ընկալումով:

ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան տագնապալի վիճակը սփիւռքի մէջ եւ այդ իրողութեան իբրեւ հետեւանք ստեղծումը Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումին (2015), որուն նպատակն է միացումն ու վերակազմակերպումը՝ արդիական եւ կայուն միջոցներով, քայլ պահելու համար Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի քաղաքական նոր իրականութեանց հետ,

ԳՈՀՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ արձանագրելով որ կուսակցութեան լայն շրջանակները, ակումբներն ու մտահոգ ընկերները դրապէս արձագանգեցին Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումի կոչին՝ միակ կազմի մէջ միացնելու կուսակցութիւնը (ինչպէս պարզուեցաւ 2015ի եւ 2016ի երեւանեան հաւաքներու ընթացքին), նաեւ յուսախաբութեամբ արձանագրելով որ ընթացիկ տարուան Մայիսին Երեւանի մէջ կայացած ժողովին «ընտրուեցաւ» «կեդրոնական վարչութիւն մը», ամբողջութեամբ ոտնահարելով կուսակցութեան ծրագիր-կանոնագրի սկզբունքները՝ ապօրինի եւ ոչ ներկայացուցչական ընծայելով ընտրուած «վարչութիւն»ը,

ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼՈՎ նաեւ որ վերոյիշեալ ժողովը շարունակաբար անտեսած ըլլալով Հայաստանի ՌԱԿի եւ Վերականգնումի Շարժումին բազում կոչերը, միասնական ու ներդաշնակ գործունէութիւն մը գոյացնելու,

Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումը Յունիս 25, 2016ին Նիւ Ճըրզիի մէջ կայացած իր ժողովին որդեգրեց հետեւեալ որոշումները.

1- Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումը այսու կու գայ ծանուցանելու պետական, հոգեւոր եւ հասարակական իշխանութեանց որ այսօրուընէ սկսեալ կը միանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, թիկունք կանգնելով անոր եւ ամբողջացնելով զայն:

2- Իրականացնելու համար վերոյիշեալ որոշումը՝ Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումը արդէն նախաձեռնած է օրինական միջոցներու, հիմնուելով Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ խնդրոյ առարկայ այլ երկիրներու օրէնքներու պահանջքին վրայ:

3- Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումը, գործակցութեամբ Հայաստանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, պիտի կայացնէ ընդհանուր համագումար մը յառաջիկայ Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ, գործադրութեան դնելու կանոնակարգեր, վերամշակելով կուսակցութեան ծրագիր նոր կանոնագիրը, յառաջացնելու հաւաքական ղեկավարութիւն մը ու նաեւ ընտրելու օրինաւոր կեդրոնական վարչութիւն մը՝ գործադրութեան ընթացքի մէջ դնելու վերականգնումի առաջադրութիւնները՝ սահմանուած ժամանակամիջոցով: Իբրեւ միջանկեալ նախաձեռնութիւն Վերականգնումի Շարժումը արդէն ներկայացուցչական գրասենեակներ հաստատած է Երեւանի, Պոստոնի եւ Լոս Անճելըսի մէջ:

4- Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումը կու գայ տեղեկացնելու թէ գործի լծուած է նոր անձնակազմ մը եւ հրատարակչական միջոցներ ապահովելու վերստին հրատարակելու համար «Պայքար» շաբաթաթերթը իբրեւ կուսակցութեան պաշտօնական օրկան:

5- Հաւատարիմ իր ռամկավարական եւ ազատական աւանդական արժէքներուն՝ Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումը կը ձգտի կենսական դեր մը ստանձնելու սփիւռքեան ազգային-քաղաքական կեանքին մէջ, ի պաշտպանութիւն Մայր Եկեղեցւոյ եւ ի կենսագործում իր մշակութային առաքելութեան, ինչպէս նաեւ իբրեւ ախոյեան՝ ժողովրդավարական իշխանավարութեան՝ սփիւռքի, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ:

6- Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումը անգամ մը եւս կոչ կ’ուղղէ աւանդականօրէն կուսակցութեան գործակից կազմակերպութեանց՝ հետապնդելու հաւասարակշուած եւ միասնական քաղաքականութիւն մը սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ, առանց նախապայմաններու:

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԵՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նիւ Ճըրզի

Յունիս 25, 2016