Պատանեկան աննախընթաց յաջողութիւնը:- «Զինուորն ու Հրէշը»

Խանդավառ այլ զգայացունց մթնոլորտի մէջ, Մոնթրէալահայ գաղութը վայելեց, թատերա-բարոյական յաղթանակ մը: «Հայ Բեմ» ի պատանեկան նոր թատերախումբը 21 եւ 26 Մայիս 2017 ին ներկայացուց «Զինուորն ու Հրէշը» ն, մշակում եւ բեմադրութիւն արուեստագիտուհի Նանսի Իսսա Թորոսեան: Անգամ մը եւս հայ սուրբ լեզուն դայլայլեց մատղաշ սերունդի շրթներու վրայ, անգամ մը եւս հայ պատանիներ ու երիտասարդներ համարձակօրէն երթեւեկեցին արուեստի բեմայարդակին վրայ եւ վերջապէս հայ ծնողներու անցեալի ոգիին ընդմէջէն ներկա’ էր ապագայ սերունդը:

Յարգա’նք, քեզի, ԹՄՄ:

Յարգա’նք, քեզի, նոր սերունդ:

Եւ մանաւանդ Յարգա’նք, քեզի, հա’յ ծնողք:

Մանրամասնութիւնները, հպարտութեամբ, պիտի արձանագրենք յաջորդիւ: