ՌԱԿ-ԹՄՄ պատկան մարմիններու ղեկավարներու այցը ՀՀ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին

Ձախէն՝ Վարդան Նազիրեան, Երուանդ Ազատեան, Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Յակոբ Վարդիվառեան եւ Ռուբէն Միրզախանեան

Նոյեմբեր 3, 2015, Երեքշաբթի օր երեկոյեան ժամը 6ին Հանրապետական Կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Երեւան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան պատկան մարմիններու ղեկավարներ տուին պաշտօնական այց մը ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին:  Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Երուանդ Ազատեան, ԹՄՄ Հայաստանի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան, ԹՄՄ Մեծագոյն Նիւ Եորքի եւ ՌԱԿ Մամլոյ Դիւանի ատենապետ Յակոբ Վարդիվառեան եւ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի նախկին ատենապետ Վարդան Նազիրեան:

 

Հանդիպման ընթացքին ուշադրութեան առարկայ դարձան ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծն ու անոր մեկնաբանութիւնները:  Վարչապետը մեկնելով անկախ պետականութեան զարգացման ներկայ հանգրուանէն, որպէս քաղաքական կարեւորագոյն իրադարձութիւն  դիտարկեց երկրի կառավարման համակարգի աւելի կատարելագործում եւ մեկնելով Երրորդ Հանրապետութեան անցնող մօտ քառորդ դարու փորձառութենէն, իշխանութիւնները աւելի ժողովրդավարական հիմունքներու վրայ դնելու պահանջքին որպէս արդիւնք առաջարկեց յիշեալ սահմանադրական փոփոխութիւնները:  ՌԱկի պատուիրակները ուրախութեամբ յայտնեցին թէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համար ընդունելի է կառավարման խորհրդարանական համակարգի ընդունումը եւ այդ նպատակով Սահմանադրական բարեփոխումներու քաղաքական որոշումը, որով կուսակցութիւնը կը յայտարարէ հանրաքուէի նկատմամբ իր վերջնական դրական դիրքորոշումը:

 

Հանդիպման ընթացքին քննուեցան նաեւ սփիւռքեան հիմնահարցեր, ինչպէս Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հայութեան ֆիզիքական ապահովութիւնը եւ հայ դատի հետ կապուած միացեալ ուժերու համախմբումը:  Արտաշխարհին մէջ ազգային քաղաքական կեանքի հաւասարակշռութեան մը ապահովումը աւելի քան անհրաժեշտութիւն նկատելով, նոր օրերու համար, ուժերու դասաւորման կարգավիճակի մը ստեղծումը քննուեցաւ,  Հայաստան-Սփիւռքի անկեղծ ու անշահախնդիր յարաբերութիւններու լոյսին տակ:

 

Թէքէեան Մշակութային Միութեան ազգապահպանման եւ հայ մշակոյթի տարածման աշխատանքներուն մասին տրուեցան լայն լուսաբանութիւններ:  Մշակութային որպէս տիրական ներկայութիւն գրեթէ բոլոր գաղութներէ ներս ԹՄՄ կը տանի լուրջ աշխատանք հրամցնելով որակեալ յայտագիրներ:  Վարչապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ կատարուած այդ աշխատանքներուն համար:

 

Կուսակցութեան ապագայ ծրագիրներուն համար Երուանդ Ազատեան տուաւ որոշակի տեղեկութիւններ, բարձր գնահատելով նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Հանրապետական Վարչութեան աշխատանքները:  Յակոբ Վարդիվառեան տուաւ տեղեկութիւններ Ռամկավար Ազատական Մամուլին ու անոր ունեցած դերին, որ կը մնայ նոյնը, ինչպէս անցնող 90 տարիներուն, հանդիսանալով մանաւա՛նդ Հայաստանի նուաճումներուն եւ դրական ձեռքբերումներուն արձագանգը Հայ Սփիւռքի մէջ: