ՌԱԿ Վերականգնումի եւ Միութեան Մարմնի Կեդրոնական Վարչութեան շնորհաւորագիրը Հ Հ Վարչապետ՝ Տիար Կարէն Կարապետեանին

adl-online-logo

 

Յարգելի Պարոն Վարչապետ,

 

Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժման Կեդրոնական Վարչութիւնը, մեր կուսակցութեան աշխարհատարած անդամներու եւ իրեն յարակից ու համակիր շրջանակներու անունով, կը շնորհաւորէ Ձեզ եւ լիարժէք յաջողութիւն կը մաղթէ, մեր հանրապետութեան համար բախտորոշ այս ժամանակաշրջանին, Ձեր ստանձնած պատասխանատու պաշտօնի կապակցութեամբ:

Մեր հայրենիքի դիմագրաւած քաղաքա-իրաւական, ռազմա-անվտանգութեան, ֆինանսա-տնտեսական, ընկերային եւ բարոյա-հոգեբանական խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու համայնապատկերին, նաեւ աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային մտահոգիչ տագնապներու եւ վերիվայրումներու այս ժամանակաշրջանին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ղեկավարման Ձեր յանձնառումը, որքան պատուաբեր, նոյնքան խիստ պարտաւորեցնող առաքելութիւն է, մանաւանդ՝ համայն հայութեան մօտ, Ձեր անձնական որակներու եւ ունակութիւներու որոշակի ընդգծուածութիւնէն յառաջացող, հիմնաւոր սպասումներու եւ ակնկալիքներու փաստի առկայութեամբ:

Մենք՝ Ռամկավար Ազատականներս լիայոյս ենք, որ Դուք՝ խորապէս գիտակցելով հանրային վստահութեան աճի ապահովման եւ հայրենիքի բազմատեսակ խնդիրներու լուծման համար հրամայական հանդիսացող, մեր երկիրի կառավարման որակներու բարձրացման, անոր՝ ղեկավարման նոր տեսլականի ձեւաւորման եւ կիրառման անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը, Ձեր բոլոր կարողութիւնները անվերապահ ի գործ կը դնէք, բարեյաջողութեամբ պսակելու համար Ձեր ստանձնած յանձնառութիւնները:

Մենք կը հաւաստիացնենք, որ այդ ճանապարհին, մեր բոլոր կարողութիւններով եւ հնարավորութիւններով սատար պիտի հանդիսանանք՝ Ձեզ եւ Ձեր կառավարութեան հայրենանուէր եւ ժողովրդաշահ առաջադրանքներուն, յանուն՝ մեր հայրենիքի անվտանգութեան, անոր բարգաւաճման, եւ ի խնդիր՝ մեր ժողովուրդի բարեկեցութեան:

 

Ի դիմաց՝

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժման

Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝

Վարդան Նազիրեան