Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատուիրակութեան այցը՝ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդարան

Շաբաթ՝ 13 Փետրուար 2016-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանը, ընդունեց խումբ մը միջազգային ղեկավարներ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան։
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանին կ’ընկերակցէին՝ Տիթրոյթ Միշիկանէն (Detroit, Michigan) Պրն. Էտմոնտ Ազատեան եւ Լոս Անճելըսէն Պրն. Վարդան Նազարեանը, որոնք կարճ ժամանակով կը գտնուէին Մոնթրէալ մասնակցելու ՌԱԿ-ի հանդիպումներուն։ Երեք ղեկավարները, յայտնի են իրենց համապատասխան տեղական համայնքներէն ներս եւ անոնք երկար ժամանակ եղած են առաջնորդներ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան՝ ազգային եւ միջազգային մակարդակներով։
Սրբազան Հայրը համառօտ ակնարկով մը ներկայացուց այցելուներուն, տարբեր կարեւոր գործունէութիւններն ու զարգացումները, որ ան ազդուօրէն նախաձեռնեց գործադրել Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ ձեռնադրուելէն ետք։
Այցելու ղեկավարները յայտնեցին թէ՝ մեծապէս տպաւորուած էին Սրբազան Հօր ղեկավարութեան հանգամանքին, եւ շեշտեցին թէ Գանատահայոց Թեմը համայն Սփիւռքի տարածքին ճանչցուած է որպէս հնչուն հայկական օրրան։ Անոնք իրենց հերթին նաեւ յայտնեցին, թէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը նեցուկ կանգնած եւ իր պատմական անվերապահ աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Ուստի արժանահաւատօրէն, ինչպէս միշտ զօրավիգ պիտի կանգնին Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդարանի բարգաւաճման եւ քաջալեր հանդիսանան ապագայի բոլոր միջոցառումներուն: