Հոկտեմբեր 28-Նոյեմբեր 3 Երեւանի մէջ պիտի կայանայ «ՌէԱնիմանիա» Երեւանի միջազգային մանկական շարժական ֆիլմի եւ պատկերապատման արուեստի 7-րդ փառատօնը: Այս տարի փառատօնի մրցութային ծրագիրին ընտրուած են 184 շարժական ֆիլմեր, որոնք կը մրցին 5-անուանակարգերու մէջ` «Լաւագոյն լիամեթրաժ ֆիլմ», «Լաւագոյն կարճամեթրաժ ֆիլմ», «Լաւագոյն երաժշտական հոլովակ», «Լաւագոյն հեռուստատեսային եւ ուսուցողական ֆիլմ» եւ «Լաւագոյն աւարտական ֆիլմ»։ Այս մասին կը գրէ Armradio.am-ը:
1200 ֆիլմի յայտ, որոնցմէ մրցութային ծրագիրին ընտրուած են 184-ը: «ՌէԱնիամանիա» մանկական շարժական ֆիլմերու 7-րդ փառատօնին հայկական ֆիլմերու թիւը 12-ն է: Փառատօնի հիմնադիր նախագահ Վրէժ Քասունիի խօսքով` «ՌէԱնիմանիայի» հանդէպ տարիէ տարի կ’աճի սփիւռքահայ ֆիլմի գործիչներու հետաքրքութիւնը: Փառատօնը այս տարի կը ներկայանայ շարք մը նորոյթներով ու անակնկալներով:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ «ՌէԱնիմանիա» փառատօնի ծիրէն ներս
«Վերածնունդ» խորագիրի ներքոյ կը ցուցադրուին ոչ մրցութային ֆիլմեր, կը ներկայացուին նաեւ վաւերագրական եւ փորձարարական ֆիլմերու ծրագիրներ եւ պատկերապատումներու ցուցահանդէս: 7-րդ ֆիլմի փառատօնի նորոյթներէն է «ՌէԱնիմանիա» շարժական ֆիլմերու կրթաթոշակը:
Հոկտեմբեր 28-ին «ՌէԱնիմանիա» 7-րդ փառատօնը պիտի մեկնարկէ ֆրանսական «Մունէ» ֆիլմով, բեմադրիչներ Ալեքսանտր Հեպոյեան, Պենուա Ֆիլիփօ: Փառատօնի ծիրէն ներս մէկ շաբթուան ընթացքին պիտի ցուցադրուին մօտ 400 ֆիլմեր: Անդրադառնալով «Ռատիոլուր»-ի հարցին, թէ եօթ տարիներուն ընթացքին «ՌէԱնիմանիա» փառատօնը որքանով նպաստեց հայկական շարժական ֆիլմերու զարգացման, Վրէժ Քասունի նշեց` առաջին հերթին փառատօնը ստեղծեց միջազգային հարթակ հայ ֆիլմի գործիչներուն համար: