Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն տեղի կ’ունենայ Դեկտեմբեր 6-ին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն 2015 թուականի Դեկտեմբեր 6­-ին նշանակելու մասին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը, հրամանագրին մէջ նշուած է. «Ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 111-­րդ յօդուածի 2­-րդ եւ 5-­րդ մասերով, հիմք ընդունելով «Հանրաքուէի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 7-­րդ յօդուածի 6-­րդ մասը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նախաձեռնութեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կողմէ տրուած համաձայնութիւնը` կ’որոշէ.

1.  Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն նշանակել 2015 թուականի Դեկտեմբեր 6-­ին:

2.  Սոյն հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման յաջորդ օրուընէ»: