Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապրիլ 7-ին աւարտելով Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն պաշտօնական այցը` Հայաստան վերադարձէն առաջ հանդիպում մը ունեցած է Գերմանիոյ տնտեսութեան արեւելեան յանձնաժողովի գործադիր տնօրէն Միխայել Հարմսի եւ Գերմանիոյ գործարար շրջանակներու առաջատարներու հետ:
Հանրապետութեան նախագահը հանդիպման մասնակիցներուն ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման ընթացքն ու հեռանկարները, տնտեսութեան գերակայ ուղղութիւնները, տարածաշրջանի երկիրներու համեմատութեամբ Հայաստանի յարաբերական առաւելութիւնները, ներդրումային եւ գործարար միջավայրը, երկրին մէջ իրականացուող շարունակական բարեփոխումները, օտարերկրեայ ներդրումներու յուսալիութիւնը երաշխաւորող Հայաստանի երկկողմ եւ բազմակողմ իրաւապայմանագրային դաշտը, հայաստանեան շուկայի մէջ գործող գերմանական ընկերութիւններու գործունէութիւնը եւ հայ-գերմանական տնտեսական համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները:
Գերմանիոյ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչները ՀՀ Նախագահէն հետաքրքրուած են Հայաստանում հանքարդիւնաբերութեան, տեղեկատուական արուեստագիտութեան, ֆինանսական եւ դրամատնային ծառայութիւններու, ճանապարհաշինութեան, այլընտրանքային ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, հիւրանոցաշինութեան եւ շարք մը այլ ոլորտներու զարգացման միտումներով ու փոխգործակցութեան հնարաւորութիւններով: ՀՀ նախագահը պատասխանած է հանդիպման մասնակիցներուն հետաքրքրող այս եւ բազմաթիւ այլ հարցեր: