Սէյրան Օհանեան այցելած է զոհուած զինուորներուն ընտանիքներուն

Յունուար 3-ին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելած է հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած Արմէն Յովհաննիսեանի, Ազատ Ասոյեանի, Արթուր Առաքելեանի եւ ծանրօրէն վիրաւորուած Սարգիս Ստեփանեանի ընտանիքներուն: Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական բաժանմունքին, այս ընտանիքներուն մէջ կան նորածիններ կամ պիտի ծնին նոր երեխաներ:

Ազատ Ասոյեանի նորածին եղբայրը` Նարեկը, ծնած է 7 Յուլիս 2015-ին: Արթուր Առաքելեանի մայրը` Սաթենիկ Առաքելեանը եւս շուտով կը մայրանայ, եւ Արթուրի ծնողները որոշած են, որ նորածին որդին եւս անպայման պիտի ծառայէ բանակին մէջ:

«Մարդը ֆիզիքապէս կրնայ հաշմանդամ ըլլալ, բայց հոգեպէս հաշմուած ըլլալու իրաւունք չունի». ասիկա պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի բանաձեւումն է, որ տուած է վիրաւոր զինուոր Սարգիս Ստեփանեանին: Ան կը պատրաստուի ծառայողական աստիճանով աւելի բարձրանալ, յառաջիկային կ՛ուզէ ուսանիլ զինուորական  ակադեմիային մէջ:

«Սխալելու իրաւունքէն մեզ զրկած են այն քաջերը, որոնք հերոսաբար զոհուեցան յանուն հայրենիքի, անմահացան` ձուլուելով յաւերժին մէջ: Հերոսներ են նաեւ հայ առիւծասիրտ մայրերը: Մեր հայրենիքը անոնց կուրծքէն, սէրէն եւ որդիներուն թափած արիւնէն կը սկսի: Սէր եւ նուիրում դէպի հայրենիքը` կը ներշնչեն եւ կ՛ուսուցանեն հայրենասէր մայրերը: Ազգի յաւերժութիւնը կը կերտեն անձնուրաց մայրերը, որոնք ընդունելով իրենց որդիներուն զոհաբերումը, անկոտրում կամքով կը դիմակայեն փորձութիւնները: Իսկապէս, որ մայրերու ափերուն մէջ պէտք է փնտռել ազգի մը ճակատագիրը», ըսած է Սէյրան Օհանեան` զոհուած զինուորներուն ծնողներուն դիմելով: