Սուրիահայ Վիգէն Տողմողլեանի մասին, որ կը մասնակցէր «Նոր հեռանկարներ սուրիահայերու համար» ցուցահանդէսին, անդրադարձած է «Հայերն այսօր»-ը:
Վիգէնը Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակին պատճառով Հայաստան եկած է 4 տարի առաջ: Արդէն 2 տարի է, որ ընկերներուն հետ կօշիկի արտադրութեամբ կը զբաղի: Անոնք Երեւանի մէջ բացած են Ava-shoes խանութը, որ յաճախորդներուն կ’առաջարկէ բնական կաշիէ կարուած կօշիկներ` նախատեսուած կանանց, տղամարդոց եւ երեխաներու համար: Խանութը կը գտնուի Տէրեան 52 հասցէին:
Վիգէն Տողմողլեան տեղեկացուց, որ Հալէպի մէջ ընկերներով նոյնպէս այս աշխատանքով զբաղած են, հիմնականին մէջ ներբաններ պատրաստած են:
Խօսելով հայաստանեան գործունէութեան մասին` ան կ’ըսէ, որ սկզբնական շրջանին դժուարութիւններու հանդիպած են, որմէ չեն վհատած: Հիմա արդէն հասած են այն արդիւնքին, որ իրենց արտադրանքը կ’արտահանեն արաբական երկիրներ, Ռուսաստան եւ Եւրոպա: Վիգէնը նկատած է, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ շատ նախապատուութիւն կու տան հայկական արտադրանքին, որ ալ գովելի փաստ է:
Աւելցնենք, որ «Երեւան էքսփօ» ցուցահանդէսային համալիրին մէջ Մայիս 19-22 տեղի ունեցած է «Նոր հեռանկարներ սուրիահայերու համար» ցուցահանդէսը, որ կ’իրականացուէր «Տնտեսական հնարաւորութիւններու շաբաթ» գործարար համաժողովի ծիրին մէջ: Ցուցահանդէսին կը մասնակցէին սուրիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած եւ գործարարութեամբ զբաղուող սուրիահայերու եօթանասունէ աւելի ընկերութիւններ ու անհատ ձեռնարկատէրեր:
Գէորգ Չիչեան