Հինգշաբթի 29 Հոկտեմբեր 2015-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին Դամասկոսի «Տար ալ-Ասատ» օփերայի «Տրամա» սրահին մէջ՝ հովանաւորութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան, համագործակցութեամբ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդարանի եւ կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Դամասկոսի մարմինին, տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս նահատակ հանճարը» երաժշտական երեկոն: Այս մասին կը յայտնէ Perio News-ը:
Ձեռնարկի նախօրէին օփերայի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէս:
Այնուհետեւ «Կոմիտաս նահատակ հանճարը» երաժշտական երեկոն կայացաւ Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբի եւ Դամասկոսի երաժշտական սենեկային երգչախումբի մասնակցութեամբ, ղեկավարութեամբ՝ Մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի:
Հանդիսութեան ներկայ էին Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Տիար Իսամ Ալի Խալիլ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան փրոֆ. դոկտ. Արշակ Փոլատեան, ազգային-կրօնական վերնախաւի ներկայացուցիչները, Ասորի եկեղեցւոյ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով արաբ արուեստասէրներ եւ հայրենակիցներ:
Բարձրորակ կատարողութեան յաջողութիւնը վստահաբար կ՛երթայ Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիկ նուագախումբի եւ Դամասկոսի երաժշտական սենեկային երգչախումբի ղեկավար՝ Մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանին, որ իր բծախնդիր եւ փափկանկատ զգացումներով կրցած էր Մեծն Կոմիտասի այսքան հրաշալի ստեղծագործութիւնները սքանչելի կերպով ներթափանցել արուեստագէտներուն մէջ, որոնց կատարումով արտացոլաց հանդիսատեսին: Այնուհետեւ չէր թաքնուէր մեր հայրենակիցներու ուրախութեան, յուզմունքի եւ յոյսի արցունքներով ունկնդրութեան հոգեպարար կատարողութիւնը:
Նշենք, որ այս շատ կարեւոր իրադարձութիւնը ուղղակի սփռուեցաւ սուրիական «ալ-Թալաքի» պատկերասփիւռի կայանէն, ինչպէս նաեւ ներկայ էին սուրիական մամուլի ներկայացուցիչներ: