ՍՈՓՐԱՆՕ ԼԻՆ ԱՆՈՅՇ ԻՇՆԱՐԻ ՄԵՆԱՀԱՄԵՐԳԸ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Թորոնթոհայ համայնքի խոստմնալից եւ օժտեալ երիտասարդուհիներէն սոփրանօ

Լին Անոյշ Իշնար, որ քանիցս հայ եւ օտար դասական երգերով ու արիաներով, ինչպէս նաեւ զանազան օփերաներու մէջ հանդէս գալով բոլորին անվերապահ գնահատանքին արժանացած է։

Օր. Իշնար Թորոնթոյի համալսարանէն երաժշտութեան եւ նաեւ ուսուցչագործելու ճիւղերէն ներս պսակաւոր աստիճանով շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ուսում առած է « Րոյըլ » երաժշտանոցի երիտասարդ արուեստագէտներու ծրագրին մէջ, աւարտելով « the songfest art song » յայտագիրը Լոս Անճէլըսի, ինչպէս նաեւ գանատական ձայնային արուեստներու հիմնարկի ծրագիրը Մոնրէալի մէջ։ Անցեալ Օգոստոսին հանրութեան ներկայացաւ Ճորճ Ֆրէտէրիք Հենտլի « Յուլիոս Սեզար » օփերային մէջ, ան մարմնաւորելով Կղէոպատրայի գլխաւոր ու դժուարին դերը։ Իսկ յառաջիկայ ամառ հանդէս պիտի գայ « Ֆիկարոյին հարսանիքը » օփերային մէջ Սիւզաննայի դերով։

Լին Անոյշ Իշնար ներկայիս իր օփերայի ուսումը կը շարունակէ « Կլէն Կուլտ » վարժարանին մէջ, հետեւելով « Artist Diploma Program »  ծրագրին ։ Ան երկու տարուայ իր ուսման շրջանի առաջին տարին յաջողութեամբ բոլորելէ ետք, 8 Ապրիլ 2017 Շաբաթ օր յետմիջօրէին, « Րոյըլ » երաժշտանոցի « Mazzoleni » համերգասրահին մէջ երաժշտասէրներու ընտրեալ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան հանդէս եկաւ մենահամերգով մը։ Իրեն դաշնակով կ՚ընկերակցէր համալսարանի իր ուսուցչուհին Ճէնիֆըր Թանկ, որ իր դաշնակի զգայուն եւ գիտակից նուագով կարեւոր բաժին ունեցաւ համերգին յաջողութեան։

Յայտագիրը սկսաւ Antonio Vivaldi ի « Sposa son disprezzata » տխուր մէկ կտորով, որուն յաջորդեց Polin Viardot ի « Seize ans », « Plainte d’amour » եւ « Aime – moi » կտորները։ Ապա շարունակուեցաւ Johannes Brahms ի « Wie Melodien zieht es mir », «  Meine Liebe ist grün  »  եւ «  Immer leiser wird mein Schlummer » կտորներով աւարտին հասաւ յայտագրի առաջին մասը։

Կարճ միջնարարէ եւ հիւրասիրութենէ ետք, յայտագրին երկրորդ մասը սկսաւ Wolfgang A. Mozart ի  «  Exsultate, jubilate, K. 165 » կտորով։ Ապա յայտագիրը շարունակուեցաւ անմահ Կոմիտասի « Կռունկ » եւ « Կաքաւի երգը » կտորներով։

Օր. Իշնար մեներգեց նաեւ մշակումը Ռուբիկ Կրեկորեանի կողմէ կատարուած դժուարինն  մեկնաբանութիւն պահանջող « Ծիծերնակ » կտորը։ Ինչպէս բոլոր կտորներուն մասնաւորաբար այս վերջին երգին մէջ արուեստագիտուհին մասնաւոր ձայնի ելեւէջներով ցոյց տուաւ իր երգելու բացառիկ կարողութիւնը։ Sergei Rachmaninoff ին « Oh, never sing to me again » երգէն ետք իր յայտագիրը վերջացուց մեկնաբանելով Victor Herbert ի զուարթ մէկ կտորը  Art is calling for me ( The Prima Donna Song ) երգով։

Հոս կ՚ուզենք մասնաւորաբար շեշտել թէ, այս մենահամերգին ներկայ երաժշտագէտներ բարձր գնահատեցին երգչուհիին մօտ արձանագրուած բացառիկ յառաջդիմութիւնը։

Ձեռնարկի աւարտին արուեստագիտուհիները ներկաներուն յոտնկայս բուռն գնահատանքի ծափահարութիւններով ողջունուեցան, ստացան գեղեցիկ ծաղկեփունջեր, ընդունեցին ներկաներուն ջերմ շնորհաւորութիւնները։

 

Յարութիւն Դերձակեան