Հայաստան` Եդեմական այգիի երկիր: Անտալուսական ճանչցուած IDEAL պարբերականը` պատմելով Հայաստանի տեսարժան վայրերուն մասին: «Հայաստանի զբօսաշրջական խորհրդանիշը կը համարուի Արարարտ լեռը, որուն գագաթին, ըստ Աստուածաշունչին, իջած է Նոյի տապանը, ուր եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, գտնուած է եդեմական պարտէզը:»
Սպանական լրատուամիջոցը իր ընթերցողներուն կը պատմէ Մատենադարանի, հայկական մանրանկարչութեան, ինչպէս նաեւ Խոր Վիրապի եւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման մասին:
IDEAL կը նշէ նաեւ, որ տարիէ տարի Հայաստան գրաւիչ կը դառնայ յատկապէս եւրոպացի այն զբօսաշրջիկներուն համար, որոնք կը հետաքրքրուին պատմութեամբ, կը սիրեն բնութիւն եւ կը գնահատեն ազգայինը: