«Ինձ համար առանձնաշնորհում է գտնուիլ այս բարձունքին վրայ, ուր Արարատ լերան հայեացքին տակ, նոյնիսկ լռութիւնը մեզի կը խօսի: Խաչքարերը մեզի կը պատմեն անկրկնեալի պատմութիւն մը՝ ամրակուռ հաւատքով ու սոսկալի տառապանքներով հիւսուած, պատմութիւն մը հարուստ՝ Աւետարանի սքանչելի վկաներով որոնց ժառանգորդներն էք դուք: Հռոմէն կուգամ Ձեր երկիրը որպէս ուխտաւոր Ձեզ հետ ըլլալու եւ բերելու իմ սրտագին ողջոյններս Ձեր եղբայրներուն եւ Հռոմի Կաթոլիկ բովանդակ Եկեղեցիին, որ բարձր կը գնահատէ Ձեզ, կը սիրէ հայ ժողովուրդը եւ Ձեր կողքին է»:
Հայ Եկեղեցւոյ ակնարկելով Սրբազան Պապը անդրադարձաւ Կաթոլիկ եւ Հայ Եկեղեցիներու միջեւ զարգացած յարգալից հանդիպումներուն, ըսելով՝ «Լիայոյս կը նայինք այն օրերուն, երբ Աստուծոյ օգնականութեամբ միացած պիտի ըլլանք Քրիստոսի զոհասեղանին շուրջ, առանց ենթարկուելու մէկուն կամ միւսին, այլ Աստուծոյ շնորհներն ընդունելով աշխարհին յայտնելու փրկագործութեան մեծ խորհուրդը, անդրադառնալով Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն որոնք բռնութեան եւ հալածանքի կ’ենթարկուին փոխանակ պատուարժան կեանք մը ապրելու, ուր բազմաճիւղ եւ կործանարար կռիւներ կը բորբոքին զէնքի եւ զինամթերքի առեւտուրի հաշւոյն՝ ընդդէմ մարդկութեան»:
Անտարակոյս Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Պապի անցեալ Յունիսի 24-26-ին կատարած այցելութիւնը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, եղաւ պատմական եւ աննախընթաց, պետական, եկեղեցական եւ զինուորական պաշտօնական լրիւ պատիւով եւ արարողակարգով՝ Զուարթնոց օդակայանէն ուղղակի Ս. Էջմիածին ժամանելով: Նկատի ունենալ որ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն ուղղակի Երեւան ժամանեց եւ Երեւանէն ուղղակի Վատիկան վերադարձաւ, առանց ուրիշ երկիր մը այցելելու ծրագրով: Նկատի ունենալ նաեւ որ իրմէ առաջ հանգուցեալ Հռոմի Քահանայապետ Յովհաննէս- Պօղոս Բ. Պապը եղաւ հայոց պատմութեան մէջ առաջինը որ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց 2001 թուի Սեպտեմբերին՝ շնորհաւորելու համար Հայոց Քրիստոնէութեան Դարձի 1700 ամեակը: Երէցկինն ու ես ներկայ եւ ականատես եղանք այդ առաջին այցելութեան եւ հանդիսութեանց:
Երկու այցելութիւնները իսկապէս պատմական եղան այն իմաստով որ անցեալին նոյն Հռոմէական Եկեղեցւոյ կարծր դիրքը շատ հին ժամանակներէն, 451 թուի Քաղկեդոնի Ժողովի խնդիրէն սկսեալ, լուրջ եւ անհանդուրժող պատճառներ յարուցած էր Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ: Եւ ահա նոյն եկեղեցին կուգար յարգելու իր իսկ ժխտած Հայ Եկեղեցւոյ ծագման 301 թուականը, հաստատելու Հայոց քրիստոնէութեան դարձը որպէս առաջինը, եւ սրբագրելու ամէն ինչ որ հակառակը կը յայտարարուէր հինգերորդ դարէն մինչեւ մեր օրերը, յատկապէս Խաչակրութեան շրջանին, միջին դարերուն, երբ Լատին Եկեղեցին բաժնուեցաւ նաեւ Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցիէն 1054 թուականին: Երկուքը իրարմէ բաժնուելով, մին ինքզինք կոչեց Կաթոլիկ (Տիեզերական), եւ միւսը՝ Օրթոտոքս (Ուղղափառ):
Նոյն 1054 թուականին եղած այդ մեծ հերձուածը երկու մեծագոյն եկեղեցիներուն Հռոմի եւ Բիւզանդիոնի միջեւ կը մնայ մինչեւ այսօր: Երկուքն ալ այն ատեն իրենց հաշուով Հայ Եկեղեցին կոպիտ կերպով իբր թէ հեստեալ համարելով ուզեցին կղզիացնել Հայ եւ Արեւելեան եկեղեցիները՝ անտեսելով Հայ Եկեղեցւոյ գոյութիւնը , որ իրենցմէ առաջ կար նոյնիսկ, որպէս անկախ եւ ոչ մէկէն բաժնուած եկեղեցի, քանի արդէն չէր միացած որեւէ մէկուն՝ բացի նախնական միացեալ եւ Քրիստոսաւանդ Եկեղեցիէն ուր արդէն բաժանում չկար: Երկուքին նպատակն էր դարերու հոլովոյթին Հայ Եկեղեցին իրենց ենթարկել: Տեսէք ինչ եղաւ մեր աչքին առջեւ: Ամէն ինչ շրջեցաւ ի նպաստ մեր Մայր Եկեղեցիին:
Երջանկայիշատակ Յովհաննէս-Պօղոս-Բ. Պապի առաջին այցելութենէն ամիս մը ետք, Կ. Պոլսոյ Յոյն Տիեզերական Բարթողիմէոս Ա. Պատրիարքը, որ այսօր կը գահակալէ իր պատմական Կ. Պոլսոյ Աթոռին, Իսթանպուլի մէջ, այցելեց Հայաստան ու Մայր Աթոռ, նոյն պատճառով, շնորհաւորելու Հայոց Մեծ Դարձին 1700-ամեակը: Ինք եւս խոնարհեցաւ Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ, սրբագրելով ամէն ինչ որ պատահած էր Բիւզանդիոնի Յոյն Ուղղափառ եւ Հայ Եկեղեցիներու միջեւ, անհամաձայնութիւն, կռիւ եւ նզովք: Միեւնոյն Եկեղեցւոյ ներկայ Տիեզերական Պատրիարքն էր որ կու գար Ս. Էջմիածին 2001 թուին:
Յիշենք այստեղ Բիւզանդիոնի Կոստանդին Բ. Կայսրը եւ Յունաց Տիեզերական Պատրիարքը որոնք բանակով Հայաստան արշաւեցին 653 թուականին, Ներսէս Գ. Տայեցի կամ Իշխանցի Կաթողիկոսին օրով, բռնի մուտք գործելով Դուինի Հայոց Կաթողիկոսանիստ Մայր Եկեղեցիէն ներս, եւ Կաթողիկոսին ու հայ եպիսկոպոսներուն ներկայութեան յունածէս պատարագ մատուցանել պարտադրելով, յոյն քահանայի մը կողմէ, եւ ստիպելով որ ամէն ոք, Կաթողիկոսէն եւ եպիսկոպոսներէն սկսեալ Սուրբ Հաղորդութիւն ստանային ու վերջնականապէս ենթարկուէին Օրթոտոքս Եկեղեցիին:
Սոյն դէպքը պատմողը մեր 7-րդ դարու յայտնի պատմիչ Բագրատունեաց Եպիսկոպոս Սէբէոսն է, որուն Պատմութիւն ի Հերակլն անուն գիրքը, Արաբաց արշաւանքներու եւ Յունաց յաղթանակներուն մասին նախնագոյն աղբիւրն է եւ միջազգային մեծ կարեւորութիւն ստացած որպէս ականատես պատմիչի: Սէբէոս կ’աւելցնէ ըսելով որ Կայսեր ստիպման տակ բոլորը, Կաթողիկոսէն սկսեալ, հաղորդուեցան բացի մէկ եպիսկոպոսէ որուն անունը չի տար: Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան մեծ պատմաբանը ըսած է իր Ազգապատում Ա. Հատորին մէջ թէ հաղորդութիւն մերժողը վստահաբար նոյն ինքն Սէբէոս Բագրատունեաց պատմիչ եպիսկոպոսն էր, որուն արարքը չվրիպեցաւ Կայսրի դիտողութենէն, որ տեղւոյն վրայ Կաթողիկոսին գանգատեցաւ որ սաստէ զինք: Սէբէոս իր համոզումը յայտնեց՝ պախարակելով Կաթողիկոսն ու եպիսկոպոսները: Ահա կենդանի եւ պատմական ստոյգ միջադէպ մը որուն շառաւիղէն այսօրուան Յունաց Տիեզերական Պատրիարքը Պարթոլոմէօ Ա. կու գար ճիշդ հակառակը ապացուցանելու:
Անկասկած, Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիսկոս Քահանայապետին այցը մեր գիտցածէն եւ յուսացածէն շատ աւելի յատկանշական դրսեւորումներով բիւրեղացուց մեր պատմութիւնը: Իր ճամբայ ելլելէն առաջ իսկ, Պապը յայտնած էր թէ Ուխտագնացութիւն մըն էր կատարածը դէպի Արարատի երկիրը եւ առաջին Մայր Տաճարը աշխարհի մէջ: Ինչպէս հանգուցեալ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապը այցելեց Հայաստանի Մեծ Դարադարձին, նոյն տարողութեամբ եւ աւելիով, Ֆրանսիսկոս Պապ այցելեց երբ ուխտագնացութիւն բառը բազմիցս արտասանեց՝ արտասանելով նաեւ հայոց նկատմամբ եղած Ցեղասպանութիւնը, տարի մը առաջ Վատիկանի մէջ, եւ այս տարի Յունիսի 25-ին՝ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին:
Ուխտագնացութիւն բառը Սրբազան Պապին մտքին մէջ ամենալուրջ բերկրանքով մտածուած եւ արտասանուած բառ մը եղաւ: Թեթեւի առնելու չենք այս պարագան, ոչ այնպէս ինչպէս մենք եւ մեր զաւակները սովորաբար ուխտագնացութեան կ’երթանք ամէն տարի: Քահանայապետին մտքին մէջ շատ լուրջ պատկեր մը կը գծէր այդ բառը, թէ ուր որ կ’երթար սրբութիւն մը կար որուն առջեւ պիտի խոնարհուէր:
Յիրաւի երեք քահանայապետները՝ Հռոմի երկու Սրբազան Պապերը եւ Յունաց Տիեզերական Պատրիարքը պատուեցին Հայաստանն ու հայ եկեղեցին անձնապէս: Պատիւ՝ իրենց:
Անցեալ տարուան Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը կարեւոր փորձաքար մը հանդիսացաւ, մանաւանդ Վատիկանի կողմէ, ուր Ֆրանսիսկոս Պապը յատուկ Պատարագ մատոյց Ս. Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ ի ներկայութեան բազմահարիւր ուխտաւոր հայերու, ի գլուխ ունենալով Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Եւ Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսները: Նոյն անվեհեր եւ հեռատես Պապը տարի մը ետք Հայաստան գալու հրաւէրը ընդունեց եւ կատարելագործեց զայն որպէս շարունակութիւնը Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին: Կատարելագործեց բայը կը շեշտեմ որ կը նշանակէ կատարեալ դարձուց իր համոզումը հայրենի հողին վրայ:
Միւս կողմէ սակայն, մինչեւ մօտաւոր անցեալին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը Պապէն աւելի պապական ըլլալու ապացոյցը տուաւ անտեղի եւ զարտուղի ճամբաներով, զայրոյթ պատճառելով ծերունի Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, իր վախճանումէն երեք տարի առաջ: Երբ Հռոմէական Եկեղեցին զգաստ եւ քաղաքավար, անցեալի բարդութիւնները մէկդի դնելով, այլեւս չկրկնելով կարծեցեալ բաժանեալ եղբայրներու վերադարձի յանկերգը, մեր հայ կաթողիկէները շրջաբերական մը մէջտեղ հանեցին ճիշդ Հայաստանի անկախութեան 1991 տարին, յայտարարելով որ «շնորհքի ժամը հնչած էր եւ Հայաստան պիտի արշաւէին քրիստոնէութիւնը վերականգնելու», կարծես թէ հոն Հայ Եկեղեցին դարերով գոյութիւն չունէր, եւ իր անցեալի 130 Կաթողիկոսները նստած կը սպասէին հայ կաթողիկէներուն:
Վազգէն Հայրապետ ընդվզեցաւ երբ այդ պատրիարքական շրջաբերականի մէջ կարդաց մանաւանդ այն մասին թէ հինգերորդ դարէն ի վեր հայ եկեղեցին իբր թէ բաժնուեր էր կաթողիկէ եկեղեցիէն՝ հեստեալ եւ անվաւեր եկեղեցի մը նկատելով զայն՝ պատմութիւնը հիմնովին խեղաթիւրելով: Հայ Կաթոլիկներ չեն ուզեր յիշել իրենց ծննդեան թուականը, որ 1740 թուականն է որ շատերուդ նաեւ անծանօթ կրնայ ըլլալ, երբ իրենց առաջին եպիսկոպոսը՝ Հալէպի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն բաժնուած, Աբրահամ Արծիւեան անունով եպիսկոպոսն էր, որ երկու տարի ետք 1742-ին, ինքնագլուխ Հռոմի ենթարկուելով, Բենետիկտոս ԺԴ. Պապէն Պատրիարքի դիրքը ստացաւ: Կը տեսնէք տարբերութիւնը Վատիկանի Հռոմի Եկեղեցւոյ եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան միջեւ:
Վազգէն Հայրապետ արտասահմանէն երեք արքեպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը յղեց Վատիկան Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Սրբազան Պապին իր բողոքը յայտնելու համար, եւ իսկոյն պատուիրեց պատշաճ պատասխան մը գրել տալ ու հրապարակել, գործ մը որ գլխուս պայթեցաւ մինչ կը հովուէի Ֆլորիտայի Ս. Դաւիթ եկեղեցւոյ համայնքը: Արեւելեան Թեմի Առաջնորդը զիս յարմար տեսնելով ինծի փոխանցեց Հայրապետին հրահանգը: Գրութիւնը այն ատեն լոյս տեսաւ «Էջմիածին» ամսագրին եւ այլ շաբաթաթերթերու մէջ:
Հայ Կաթողիկէներուն ըսածին ճիշդ հակառակը եղաւ, Երբ Սրբազան Պապին այս վերջին այցելութիւնը շարք մը իրողութիւններ ճշդեց եւ հաստատեց, բոլորն ալ դրական եւ պատուաբեր: Անոնցմէ առաջինը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած պաշտամունքային հանդիպումն էր, օդակայանէն ուղղակի Մայր Աթոռ առաջնորդուելով, շարք մը Վատիկանեան Կարտինալներու եւ պետական անձանց հետ միասին, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ աւագանիին, գլխաւորութեամբ Սմենայն Հայոց Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին: Տաճարի մուտքին, համբուրելէ ետք Իջման Ս. Սեղանը, Սրբազան Քահանայապետը բարձրացաւ Աւագ Խորան ուր բազմեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրով իրեն յատուկ գահին վրայ:
Երկու հովուապետները իրենց ճառերը արտասանեցին ու Սրբազան Քահանայապետը եղաւ Գարեգին Կաթողիկոսին հիւրը՝ Վեհարանի իրեն յատուկ յարկաբաժնին մէջ, ինչպէս եղած էր նախկին Պապի այցելութեան պարագային: Հայաստանի պետական կառոյցը ընդունելութիւն սարքեց Ազատութեան Հրապարակին վրայ, գեղարուեստական պատշաճ յայտագիրով: Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական շքերթով այցելութեան բարձրացաւ Ծիծեռնակաբերդ, ուր աղօթեց եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ու Հանրապետութեան Նախագահին առաջնորդութեամբ: Երեւանէն Կիւմրի, Էջմիածնէն Ծիծեռնակաբերդ, եւ ապա Խոր Վիրապ, պահ մը մաքուր զեփիւռ մը զովացուց մեր երկիրը՝ բարոյական եւ հոգեւոր ներգործութեամբ որուն շատ պէտք ունէր մեր հայրենիքը: Ափսոս որ այդ զեփիւռը միայն պահ մը տեւեց եւ փոթորիկ մը եւս յումպետս պայթեցաւ մեր երկրին մէջ:
Նկատելի կէտ մը այստեղ կարեւորութեամբ կ’ուզեմ նշել: Սրբազան Քահանայապետը բնականօրէն հայ կաթողիկէներուն յատուկ ուշադրութիւն պէտք էր դարձնէր, եւ այդ եւս կատարուեցաւ Կիւմրիի մէջ իր մատուցած բացօդեայ եւ տպաւորիչ Ս. Պատարագի մատուցմամբ, ի ներկայութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ եպիսկոպոսաց դասին: Ներկայ էին նաեւ Հայ Կաթողիկէ Արհիա. Տ. Գրիգոր- Պետրոս 20-րդ նորընտիր Պատրիարքը եւ Հայ Կաթողիկէ թեմին առաջնորդ Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան: Այդ մէկը միակ Ս. Պատարագն էր զոր մատոյց Քահանայապետ Պապը Հայաստանի մէջ:
Յիշեցնեմ այստեղ թէ 1910-ական թուականներուն, եւ ոչ անկէ առաջ, հայ կաթողիկէներ կային Վրաստանի եւ Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ ուր թեմական վիճակ մը հաստատած էին 1909-էն մինչեւ 1921, երբ Սովետները քայքայեցին կրօնական հաստատութիւնները: 70 տարի ետք միայն 1991-ին Հռոմի Քահանայապետին որոշումով եւ հաւանութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, կազմակերպուեցաւ Հայաստանի, Վրաստանի, եւ Արեւելեան Եւրոպայի միացեալ Հայ Կաթոլիկ թեմը, կեդրոն ունենալով Կիւմրին:
Ֆրանսիսկոս Պապը Մայր Աթոռ վերադարձին ներկայ եղաւ ի յարգանս իրեն մատուցուած Հայրապետական Սուրբ Պատարագին Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ բացօդեայ Ս. Տրդատ Խորանին վրայ՝ ի ներկայութեան Հանրապետութեան Նախագահին, Կարտինալներուն, բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ հազարաւոր հայորդիներու:
Ողջոյնի պահուն երկու հովուապետները ողջագուրուեցան եւ ապա ողջոյնը բաշխուեցաւ հոգեւորականներու միջոցաւ համայն ժողովուրդին: Սրբազան Քահանայապետին ծրագիրն էր նաեւ այցելել Խոր Վիրապի Վանքը իր յարգանքը մատուցանելու բազմաչարչար Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին, ուրկէ դէպի Արարատ լեռ խաղաղութեան աղաւնիներ թռցուցին Սրբազան Պապն ու Հայոց Կաթողիկոսը: Ապա, ուղղակի Զուարթնոց օդակայան ուղեւորուելով, պետական պատշաճ արարողակարգով Սրբազան Քահանայապետը բարձրացաւ օդանաւ մեկնելու Հռոմ:
Կ’եզրափակեմ իմ խօսքը ըսելով որ անցեալի բազմաչարչար Հայ Եկեղեցին որ կրցած է անխախտ պահել իր ինքնուրոյնութիւնը՝ իր հաւատքին եւ իւրայատուկ մշակոյթին շնորհիւ, ահա կը գտնէր իր պատուաւոր եւ արժանի դիրքը Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին: