ՍՔԱՈՒԹ ԹԻՒՖԱՆՔՃԵԱՆԻ «ՄԻԱՅՆ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԱՅ» ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Լուրեր Նիւ Եորքէն ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

 

Արդէն ծանօթ անուն մըն է պոստոնաբնակ Սքաութ Թիւֆանքճեանը:  Ան ֆոթօճուռնալիզմի մէջ դարձաւ հանրածանօթ միջազգային լրատուական շրջանակներէ ներս նախագահ Պարաք Օպամայի ընտրական շրջանին վաւերագրելով անոր ընտրական պայքարը:  Անոր յաջորդեց իր դէպի Միջին Արեւելք կատարած չորս տարիներու լրատուական դժուարին ու վտանգաւոր առաքելութիւնը. Նախ՝ Կազա (Պաղեստին) հրէական նախայարձակումներու օրերուն ու ապա՝ Եգիպտոս երկրին յեղափոխութեան եւ կառավարութեան փոփոխութեամբ Մահմետական Եղբայրներու իշխանութեան գալով եւ այդ դէպքերուն տխուր հետեւանքներուն անդրադառնալով, արձանագրեց  վաւերագրութիւններ, որոնք նպաստեցին միջազգային հանրային կարծիքին տարածման:

Արձանագրենք որ այս հայուհիին՝ Սքաութին  2007-2008ի «Այո՛, Կրնանք – Պարաք Օպամայի Պատմական Ընտրարշաւը» գիրքը լոյս տեսաւ Դեկտեմբեր 2008ին եւ որ գնահատուեցաւ  «Նիւ Եորք Թայմզ»ի եւ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի կողմէ որպէս ամենէն աւելի ծախուած գիրք:

Ցեղասպանութեան դարադարձին Սքաութի նուէրն է այս իր նորագոյն հրատարակութիւնը՝ «Միայն Աշխարհը Կայ» հայ ու օտար ընթերցողներուն համար:

Հոկտեմբեր 16, 2015, նախաձեռնութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Եկեղեցւոյ տեղի ունեցաւ Սքաութի գիրքին շնորհանդէսը եկեղեցւոյ սրահին մէջ:  Արա Արազի բարի գալուստի խօսքէն ետք, ԹՄՄ Մեծագոյն Նիւ Եորքի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Շմաւոն Ադամեան ներկայացուց հիւր հեղինակը վեր առնելով անոր հետ ունեցած իր տարիներու վրայ երկարող բարեկամութիւնը:

Թիւֆանքճեան իր հետեւողական ազգային հետաքրքրութիւններուն եւ այլազան համայնքներ այցելութիւններուն շնորհիւ, իր դասախօսութեամբ, ան ցոյց տուաւ հայ կեանքին տարբեր երեսները, մասնաւորաբար նկարահանելով մեր ժողովուրդին առօրեան, հեռու մնալով աշխարհիկ եւ եկեղեցական առաջնորդող դէմքերէն ու անոնց ոմանց բարքերէն ու շռայլ եւ զեխ կեանքէն, որոնք կը կազմեն հայ ժողովուրդին  չնչին տոկոսը  միայն:  Ան իր կիզակէտը կեդրոնացուցած է հայը իր միջավայրին ու առօրեային մէջ:  Կրցած է ինքզինքը կապել հայ մայրիկին, ուսանողին, բանուորին ու արհեստաւորին հետ, ինչ որ աւելի կ’արժեւորէ այս հատորը իր այժմէականութեան մէջ:  Իր դասախօսութեան ընթացքին յաճախ կատարեց մէջբերումներ Ուիլիըմ Սարոյեանէն, որուն նկատմամբ հեղինակը ունի մնայուն սէր ու յարգանք:

Ունի դիպուկ պատկերներ Ատիս Ապապայէն (Եթովպիա) մինչեւ Կալկաթա (Հնդկաստան) ու Այնճարէն (Լիբանան), Պուէնոս Այրէս (Արժանթին), Հոնկ Քոնկ, Սիտնի (Աւստրալիա), Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) եւ Լաթաքիա (Սուրիա):  Ու դեռ Վաքըֆլար հայաբնակ գիւղը բռնագրաւուած Մուսա Տաղի մէջ (մօրենական կողմէ մուսա լեռցի է ան) ու Հաճըն: Ղարաբաղ ու Հայաստան՝ անպայմանօրէն մաս կը կազմեն ալպոմին:  Ունի համեմատական եւ զուգորդական պատկերներ զանազան համայնքներու կեանքէն՝  նոյն ապրելակերպով, հայկական խոհանոցով ու աւանդութիւններով լեցուն: Ան իր դասախօսութեան ընթացքին մէջ ընդ մէջ պատմեց անձնական յուշեր ու արկածախնդրական դէպքեր, մանաւանդ Թուրքիոյ մէջ պատահած: Սուրիահայ գաղթականներու նիստ ու կացը ցուցաբերող ականատեսի պատկերներ Ղարաբաղի ու ազատագրուած տարածքներու մէջ, որոնք անպայմանօրէն կը կազմեն մեր առօրեան, իրական հայ կեանքը ներկայացնող:

Arm. 9 Nov. (Toufankjian)1

Շեշտաւորուած կերպով յոյս ներշնչող ալպոմ մըն է այս անկասկած, որ ապագայ պատմաբանին ու հայ կեանքով հետաքրքրուողին պիտի ծառայէ որպէս ուղեցոյց ու սկզբնաղբիւր:  Ճաշակաւոր հրատարակութիւն մը, որուն նախաբանը գրած է ֆիլմարտադրիչ Ատոմ Էկոյեանը:  160 գունաւոր ու մեծածաւալ էջերով գեղեցիկ նուէր մըն է հայ գրադարանին, ընթերցողին՝ հայ թէ օտար:

Մեծագոյն Նիւ Եորքի մէջ այս չորրորդ լուսանկարչական ալպոմն է որ կը ներկայացուի այս տարի. Առաջինը՝ Հրայր Բազէի «Մէկ Ազգ – Մէկ Եկեղեցի», երկրորդը՝ Աթէշեանի «Պուրճ Համուտ», երրորդը՝ Մարսուպեանի «Պատառիկներ Կորսուած Հայրենիքէն» եւ այս մէկը՝ Թիւֆաքնճեանի «Միայն Աշխարհը Կայ»:

Հրատարակութիւններ, որոնք արժանի են ամէն գնահատանքի եւ քաջալերանքի,   բոլորն ալ հեղինակներու նախաձեռնութեամբ ու ֆինանսաւորմամբ լոյս տեսած:  Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար եթէ մեր ազգային բարեսիրական միութիւնները պարտականութիւն ստանձնած ըլլային ու անոնք հրատարակէին այս բոլորը:  Նման մտածում մը միայն  անցեա՜լին կը պատկանէր …:  Հեղինակներէն առաջին երկուքը՝ լիբանանահայեր են եւ միւս երկուքը՝ ամերիկածին հայեր. նոյն ազգային տրոփիւնը հայրենասիրութիւնը մեր արուեստագէտներուն մէջ կը դառնայ ակնյայտ:

Ապրի՛ն: