Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծուխի Կազմաւորման 87-րդ Տարեդարձի Պաշտօնական Ճաշկերոյթ

Կիրակի Դեկտեմբեր 6, 2015-ին կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» շքեղօրէն զարդարուած սրահին մէջ Պաշտօնական Ճաշկերոյթ-հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ ծուխի կազմաւորման 87-րդ տարեդարձը ի ներկայութեան հոծ բազմութեան:

Սոյն ձեռնարկը կը հովանաւորէր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան:

Պատուոյ սեղանը Առաջնորդ Սրբազան հօր կողքին տեղ գրաւած էին, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ. Քհնյ. Զարգարեան եւ երէցկին Նայիրա Զարգարեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկին Աբէթ Ալբայ եւ Պրն. Արա Ալբայ, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Պրն. Օհան եւ Տիկ. Անիթա Օհաննէսեան, Հ.Հ. Պատուակալ Հիւպատոս (Թորոնթօ-Օնթարիօ) Պրն. Ռիչըրտ Պերճ Սվազլեան, «Պապայեան» Հիմնարկի Ատենապետ՝ Պրն. Հայկ եւ Տիկ. Ալիս Սելեան եւ  եկեղեցւոյս Տիկնանց Միութեան Ատենապետուհի՝ Տիկ. Ժագլին Իսաղուլեան եւ Պրն. Մասիս Իսաղուլեան: Ի պատուի էին նաեւ գաղութիս մէջ գործող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, նախկին Ծխական Խորհուրդի անդամներ, կնքահայրեր եւ բարերարներ:

Ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց սեղանները, եկեղեցւոյս երիտասարդացի եւ «Սասուն» Պարախումբի անդամ/անդամուհիները, կատարեցին ճաշի անթերի սպասարկութիւնը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ երիտասարդացի անդամուհիներէն Օրդ. Թամար Աթիք:

Մէջ ընդ մէջ կենացի բաժակներ բարձրացուեցան Ազգիս Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի, Մայր Հայրենիքի, Առաջնորդ՝ Աբգար Սրբազանի եւ եկեղեցւոյս հովիւ Տէր Զարեհ Աւագ Քահանայի, մաղթելով իրենց արեւշատութիւն:

Աննա Աւետիսեանի կողմէ պատրաստուած, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ վերջին շրջանի յիշատակելի դրուակներ ներկայացնող տեսերիզը, հետաքրքրութեամբ դիտուեցաւ:

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին եկեղեցւոյս Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ Վարժարանի աշակերտները փունջ մը խմբերգներով, ղեկավարութեամբ Նատա Նաւասարդեանի, եկեղեցւոյս «Սասուն» Պարախումբի պարման-պարմանուհիները, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Սեւակ Աւագեանի, ելոյթ ունեցան փունջ մը հայկական խանդավառ պարերով: Բարի մաղթանքներու մթնոլորտի մէջ ներս բերուեցաւ տարեդարձի կարկանդակը, ապա տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն մասնակցութեամբ Առաջնորդ Սրբազանի, պատուոյ սեղանի, հիւրերու, Ծխական Խորհուրդի անդամներու եւ բարերարներու:

Եկեղեցւոյս Ծխական Խորհուրդի անունով Ատենապետ Պրն. Օհան Օհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր հովիւին, յարակից մարմիններուն, կազմակերպիչ յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ եկեղեցիէն ներս տարուած աշխատանքներուն:

«Պապայեան» Հիմնարկի ատենապետ Պրն. Հայկ Սելեան, շնորհաւորեց եկեղեցւոյս տարեդարձը եւ ինչպէս անցեալին, այս տարի եւս եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին նուիրեց 41.000 տոլար եւ Առաջնորդարանին 28 298 տոլար: Եկեղեցւոյս Տիկնանց Միութեան ժրաջան Ատենապետուհի՝ Տիկ. Ժագլին Իսաղուլեան, յանուն վարչութեան շնորհաւորեց եկեղեցւոյ տարեդարձը եւ Ծխական Խորհուրդին նուիրեց 43.000 տոլարի գումար մը, նոյնպէս եկեղեցւոյ յարակից մարմինները փոխանցեցին իրենց նուիրատուութիւնները:

Թեմական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկ. Աբէթ Ալբայ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ հովիւն ու Ծխական Խորհուրդի անդամները եկեղեցւոյս ծիրէն ներս տարուած աշխատանքներուն համար: Նորանշանակ Հ.Հ. Պատուակալ հիւպատոս (Թորոնթօ-Օնթարիօ) Պրն. Ռիչըրտ Պերճ Սվազլեան, որ իր կարգին շնորհաւորեց եկեղեցւոյ տարեդարձը, անդրադարձաւ իր ստանձնած պարտաւորութիւններու մասին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց  իր անձին հանդէպ եղած բարեմաղթութիւններուն համար:

Mamourian article 2Եկեղեցւոյս ժրաջան հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան փոխանցեց իր պատգամը եւ ըսաւ, «Գանատայի հիւրընկալ հողի վրայ ցեղասպանութենէ վերապրած հոյլ մը հայեր, մտայղացումը ունեցան եկեղեցաշինութեան եւ 1953-ին կառուցեցին Թորոնթոյի առաջին եկեղեցին, օրըստօրէ օրէ աճող համայնքի կարիքները մղեցին Թորոնթոհայութիւնը 1987-ին կառուցելու ներկայ եկեղեցին», խօսքերը վերջացուց ըսելով «յարգանք այն նուիրեալներուն որոնք զոհաբերեցին իրենց կեանքը, կերտելու եւ մեզ ժառանգ ձգելու հաւատքի այս տունը, անոնք այսօր անդարձ բաժնուած են մեզմէ, բայց հոգիով միշտ մեր հետն են: Շնորհակալութիւնները յայտնեց Ծխական Խորհուրդի անդամներուն գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննէսեանի իրենց համերաշխ գործակցութեան համար, յարակից մարմիններուն, եկեղեցւոյ զոյգ քարտուղարուհիներուն, գրասենեակի կամաւոր աշխատողներուն եւ եկեղեցւոյս հոգատարին:

Հովիւի եւ Ծխական Խորհուրդի որոշումով, իրենց մատուցած ծառայութեան առ ի գնահատանք յուշատախտակներով պարգեւատրուեցան Տիկ. Ռիթա   Պետիրեան «Տարուայ Կին»ը, Պրն. Գէորգ Պարունեան «Տարուայ Մարդ»ը, Օրդ. Անն Օհաննէսեան «Տարուայ Երիտասարդուհին», Պրն. Տարօն Մարտիրոսեան «Տարուայ Երիտասարդը» եւ Տէր եւ Տիկին Արամ եւ Թիլի Իշնար եւ դուստրերը՝ «Տարուայ օրինակելի ընտանիք»ը: Պատուոյ գիրեր  ստացան Ծխական Խորհուրդի շրջանաւարտ անդամներ Տիկին Ռօզին Իմաստունեան եւ Պրն. Գէորգ Պարունեան: Պրն. Հայկ Սելեան պարգեւատրուեցաւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Ս. Խաչ» շքանշանով, առ ի գնահատանք իր երկարամեայ ծառայութեան: Ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Առաջնորդարանի «Ս. Խաչ» շքանշանով պարգեւատրուեցան, Պրն. Մասիս Աֆարեան եւ Պրն. Հայկ Սէլեան, Ծխական խորհուրդը ծաղկեփունջեր նուիրեց երեցկին Նայիրային եւ մեծարեալներու ազնուափայլ տիկիններուն: Գաղութիս ազգայիններէն  Տէր եւ Տիկին Կարօ Զագարեաններ Սրբազան Հօր նուիրեցին ձեռագործ գեղեցիկ Առաջնորդական «Ասա» մը:

Կիրակնօրեայի աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած տուրմի փոքր խաչեր, Ս. Աւետարանէն առնուած ոսկեայ համարներով, բաժնուեցան ներկաներուն կիրակնօրեայի երեխաներու կողմէ: Անոնց կցուած թիւերէն մէկը որպէս օրուան բախտաւորը, արժանացաւ փայտեայ խաչքարի մը, Ս. Էջմիածինի մէջ պատրաստուած: Օրուայ բախտաւորը եղաւ Պրն. Վազգէն Քէրամէթլեան:

Փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ու գնահատեց Ծխական Խորհուրդին, յարակից մարմիններուն, ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին, օրուայ պարգեւատրեալներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց «Պապայեան» Հիմնարկի Ատենապետ՝ Տիար Հայկ Սելեանին,  Տէր Հօր տարած բազմաթիւ աշխատանքներուն, որոնց շնորհիւ ան կը վայլէ սէրն ու յարգանքը հաւատացեալներուն, Տէր Զարեհ Աւագ Քահանային նուիրեց Կոմիտաս Վարդապետի արձանի մանրակերտը:

Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը:

Շնորհակալութիւն կազմակերպիչ յանձնախումբին, Ծխական Խորհուրդին, որոնց անխոնջ աշխատանքներով յաջողութեամբ պսակուեցաւ սոյն հանդիսութիւնը: