Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ 94-րդ ընդհանուր Անդամական ժողով

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ 94-րդ ընդհանուր Անդամական ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի Մայիս 7. 2017-ին յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ, ժողովին կը նախագահէր թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան, ժողովին ներկայ էր նաեւ փոխ Առաջնորդ – հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան: Ներկայ 70 տրատու անդամներու ներկայութեամբ ժողովը նկատուեցաւ օրինաւոր, Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազանը աղօթքով ընթացք տուաւ ժողովին:

Դիւանի ատենապետութիւնը ստանձնեց պրն. Արա Պոյաճեան, հայերէն ատենադպրուհի տիկ. Տիանա Պօղոսեան եւ անգլերէն ատենադպրուհի օրդ. Արին Քըմքըմեան: Օրուայ խորհրդարանական (Parliamentarian) նշանակուեցաւ պրն. Ժագ Ստեփանեան:

Հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քահանան ընթերցեց իր միամեայ գործունէութեան տեղեկագրութիւնը: Տէր հօր տեղեկագրութիւնը ընդունուեցաւ գնահատանքով: Վաւերացուեցաւ նախորդ անդամական (2016) ժողովի ատենագրութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատանքով վաւերացուեցան Ծխական Խորհուրդի եւ յարակից մարմիններու բարոյական տեղեկագիրերը: Յանուն Հաշուեքննիչ Յանձնախումբի տեղեկագիրը ընթերցեց պրն. Յակոբ Տօքմէճեան: Յետ քննութեան եւ տրուած լուսաբանութեան, ժողովականները վաւերացուցին նիւթական տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ 2017 տարեշրջանի նախահաշիւը:

Ընտրողական Յանձնախումբի անունով տիկ. Անի Սարվարեան ներկայացուց Ծխական Խորհուրդի, Թեմական Պատգամաւորներու, Եկեղեցւոյ Հիմնադրամի Խնամակալ Մարմնի, Հաշուեքննիչ եւ Ընտրողական Յանձնախումբերու թեկնածուներու անուանացանկը:

Նկատի ունենալով որ Ծխական Խորհուրդի, Պատգամաւորներու,  Եկեղեցւոյ Հիմնադրամի Խնամակալ Մարմնի, Հաշուեքննիչ եւ Ընտրողական Յանձնախումբերու ընտրուելու թիւով թեկնածուներ կային, ընտրութիւն տեղի չունեցաւ եւ թեկնածուները ընտրուած նկատուեցան: Ընտրութիւններու արդիւնքը կու տանք ստորեւ:

Ծխական Խորհուրդ:- Թալին Թաճէրեան, Արին Քըմքըմեան, Վիգէն Ալլահեարեան (վերընտրուած): Ռաֆֆի Գույումճեան եւ Ժօզէֆ Քէօշկէրեան:

Թեմական Պատգամաւորներ:- Տիանա Պօղոսեան, Արամ Իշնար (վերընտրուած), Ճօն Սաթուրի եւ Ստեփան Էքմէքճեան:

Եկեղեցւոյ Հիմնադրամի Խնամակալ Մարմին:- Աբէթ Ալբայ, Տիանա Պօղոսեան, Ռօզ Դանիէլեան, Քնար Պասմաճեան, Անահիտ Մամուրեան եւ Ստեփան Էքմէքճեան:

Հաշուեքննիչ Յանձնախումբ.- Յակոբ Տէօքմէճեան, Արա Տէր Գէորգեան եւ Պօղոս Իշխանեան:

Ընտրողական Յանձնախումբ:- Վերընտրուեցան, Այտա Աֆարեան, Ֆրանս Գանտահարեան, Ազնիւ Սալիպեան, Անի Սարվարեան եւ Վերժին Գարապուլութ:

Գանատայի հայ համայնքային ծառայութիւններու «Բարեւ» կեդրոնի խնամակալ մարմնի անդամները ներկայացուցին մանրամասն տեղեկութիւններ իրենց ապագայի ծրագիրներու մասին:

Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքին մէջ շնորհաւորեց Տէր Զարեհ Աւագ Քահանայի տարած աշխատանքները Ծխական Խորհուրդի անդամ-անդամուհիները իրենց համերաշխ գործակցութեան համար, դիւանի ատենապետ Արա Պոյաճեանը, ատենադպրուհիներ Տիանա Պօղոսեան, Արին Քըմքըմեան եւ նորընտիր անդամները, իակ Ծխական Խորհուրդի եւ  Թեմական Պատգամաւորի շրջանաւարտ անդամներուն, Հուրի Ազնաւուրեանի, Ճօն Սաթուրիի, Պետրոս Գոգորեանի եւ Անդրանիկ Չիլինկիրեանի շնորհակալութիւն յայտնեց տարած աշխատանքներուն համար:

Տէր Զարեհ Աւագ Քահանայի պահպանիչով երեկոյեան ժամը 6.30-ին փակուեցաւ եկեղեցւոյս 94-րդ Ընդհանուր Անդամական ժողովը: