Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցուոյ Մէջ
17 Յունուար, 2016-ին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցուոյ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանը Սուրբ Ծննդեան պատարագը մատուցեց Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցուոյ Մէջ։ Սրբազան հօր աջակցեցան Տ. Կոմիտաս Քահանայ Միրզախանեանը, ծուխիս այցելու Հովիւ, ինչպէս նաեւ սարկաւագներ՝ Լաւալէն եւ Օթթաուայէն։
Տարուան առաջին պատարագին ներկայ գտնուեցան Գանատայի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազոր Դեսպան՝ Նորին Վսեմութիւն Տիար Արմէն Եգանեանը, եւ Տիար Սասուն Յովհաննիսեանը, ՀՀ Հիւպատոս Գանատայի մօտ։
Սոյն միջոցառումէն ետք անմիջապէս տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւնը, այս տարի՝ կնքահայրն է Տիար Յովհաննէս Տէոքմէճեանը:
Օրուան պատգամի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն Սուրբ Մեսրոպ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցուոյ ծխական խորհուրդին կողմէ։