Վալերի Պուայէ .«Ժամանակն է պատասխանատուութիւն ստանձնել»

Ժամանակն է, որ Ֆրանսան ստանձնէ այն պատասխանատուութիւնը, որ ունի ժողովրդավարութեան պահպանման հարցով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ ունեցած իր ելոյթին ժամանակ յայտարարած է Դեկտեմբեր 3-­ին քննարկման դրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծի հեղինակ, Ֆրանսայի ԱԺ պատգամաւոր Վալերի Պուայէն:

Ան յոյս յայտնած է, որ ԱԺ պատգամաւորները միասնական պիտի ըլլան օրինագիծի քուէարկման ժամանակ:

2013 թուականի Յունուարին Պուայէի պատրաստած նախագիծը Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելուն վերաբերեալ ընդունուած էր Ֆրանսայի Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի կողմէն, սակայն երկրի Սահմանադրական խորհուրդը զայն ճանչցած էր սահմանադրութեան հակասող: