Իր Թորոնթօ այցելութեան աւարտին, Վրաստանի Հայոց Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Վազգէն Եպս. Միրզախանեան, ընկերակցութեամբ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գեր. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի, Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեանի, Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի, Լավալի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեանի, եւ Առաջնորդարանի դիւանապետ Պրն. Լեւոն Իսախանեանի, Ուրբաթ, Մայիս 7-ի երեկոյեան ժամանեցին Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնը, ուր անոնք դիմաւորուեցան Միութեան ղեկավարներու կողմէ:
Ընթրիքէն ետք, ԹՄՄ-եան վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Արթօ Մանուկեան ողջունեց հիւր հոգեւորականները, որոնք գլխաւորութեամբ Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդին, իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին այս հայկական կեդրոնը: Ապա, Առաջնորդ Տ. Աբգար Սրբազան հանգամանօրէն ներկայացուց Տ. Վազգէն Սրբազանը որպէս Մայր Աթոռի դպրեվանքի դասընկեր եւ հակիրճ կենսագրականով մը անդրադարձաւ անոր դժուարին առաքելութեան որպէս Առաջնորդ Վիրահայոց Թեմին, ու հրաւիրեց Վազգէն Սրբազանը խօսելու Վրաստանի հայ գաղութի մասին:
Առաջնորդ Տ. Վազգէն Սրբազան շեշտեց հակադրութիւնը Բագրատունեաց թագաւորութեան օրերու եւ մօտակայ անցեալի ու ներկայի յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ, լուսանկարներու եւ վաւերագրական վիճակագրութիւններու հիման վրայ, հաստատելով թէ հակառակ հաւատքի, մշակոյթի, գիրի ու գրականութեան գրեթէ միասնականութեան, վերջին մէկ դարու ընթացքին, Վրաստանի մօտեցումը հայերու նկատմամբ եղած է անցեալի հակապատկերը, որու իբրեւ հետեւանք զգալիօրէն նուազած է հայերու թիւը, եկեղեցիներու եւ դպրոցներու թիւը ու առկայ է հայերու հանդէպ խտրականութիւն մը: Տեղի ունեցան հարցումներ որոնց Սրբազան Հայրը տուաւ լրացուցիչ պատասխաններ: Ա.