Վլատիմիր Փութին շնորհաւորած է Ռուսաստանի հայերու միութեան 15-ամեակը

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է Ռուսաստանի հայերու միութեան (ՌՀՄ) 15-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններու մասնակիցներն ու հիւրերը եւ նշած , որ այս տարիներուն ՌՀՄ-ն դարձած է հեղինակաւոր հասարակական կազմակերպութիւն, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը::
«Դուք ծանրակշիռ աւանդ կը ներդրէք մեր երկրի ազգամիջեան յարաբերութիւններու ներդաշնակեցման գործին մէջ, պահանջուած աշխատանք կը կատարէք մշակոյթի, լուսաւորութեան եւ կրթութեան ոլորտին մէջ հասարակութեան համար կարեւոր նախաձեռնութիւններու եւ նախագիծերու իրականացման համար: Կը նպաստէք Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման»,- ըսուած է Քրեմլի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ:
ՌԴ նախագահին խօսքով` Ռուսաստանի հայերու միութիւնը դարձած է կազմակերպութիւն մը, որ կը ներկայացնէ աշխարհի ամենամեծաքանակ հայկական սփիւռքը` մօտ 3 միլիոն մարդ:
Փութին նաեւ վստահութիւն յայտնած է, որ միութիւնը յետագային նոյնպէս աշխուժօրէն պիտի մասնակցի պետական եւ հասարակական կեանքին եւ իր ներդրումը պիտի ունենայ Ռուսաստանի զարգացման ու միջազգային հեղինակութեան բարձրացման գործին մէջ: Փութին Ռուսաստանի հայերու միութեան մաղթած է բարօրութիւն եւ ամենայն բարիք: