ՏԱՀԵՇ Ականահարած Է Փալմիրի Յաղթանակի Կամարը

«Արապիա» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ հնագիտական յուշարձաններու պահպանման պետական գործակալութեան ղեկավար Մաամուն Ապտուլքարիմ յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇի զինեալները կը շարունակեն սուրիական հնագիտական Փալմիր քաղաքի աւերումը:

Իսլամականները այժմ պայթեցուցած են հնագիտական բացառիկ արժէք ներկայացնող քաղաքի Յաղթանակի կամարը:

Ըստ Ապտուլքարիմի, ահաբեկիչները քանի մը ամիս առաջ ականներով պատած էին կամարը: Ապտուլքարիմ աւելցուցած է, որ զինեալներուն յաջորդ նպատակը Փալմիրի ամփիթատրոնի եւ սիւնաշարի ոչնչացումն է:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ ծայրայեղ իսլամականները ընթացիկ տարուան մայիսին Փալմիրը գրաւելէ ետք ոչնչացուցած են ատոր լաւագոյն հատուածները` երկու հազար տարուան պատմութիւն ունեցող Պել եւ Պաալ Շամին տաճարները:

Ապտուլքարիմ նշեց, որ այս ընթացքով Փալմիր հնագիտական քաղաքը կրնայ 3 կամ 4 ամիսէն գոյութիւն ունենալէ դադրիլ: