«Տաշիր»-ի կողմէ` 500.000 Տոլար Արցախին, իսկ բոլոր նահատակուածներու ընտանիքներուն` 2000-ական Տոլար

Հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնը կը յայտնէ, որ «Տաշիր»-ի բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստը որոշած է հիմնադրամին կողմէ Արցախին տրամադրել 500.000 տոլար, ինչպէս նաեւ 2000-ական տոլար յատկացնել 2016-ի Ապրիլի սկիզբը Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան համար զոհուած բոլոր զինծառայողներու ընտանիքներուն: