Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի նախաձեռնութեամբ Փետրուար 11-ին հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տեառնընդառաջ տօնին առիթով ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի նախասրահին մէջ մեկնարկած է աւանդական դարձած Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակը
Ցուցահանդէս-տօնավաճառ այցելած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը: Ան շրջած է ցուցասրահին մէջ, ծանօթացած սուրիահայերու աշխատանքներուն :
Այնուհետեւ նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Երեւանի պետական համալսարանի ղեկավարութեան, որ իր դռները բացած է սուրիահայերուն առջեւ, որոնք հնարաւորութիւն ունեցած են իրենց արհեստը, ձեռքի աշխատանքները, արուեստը ներկայացնելու նաեւ ուսանողութեան:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 40-է աւելի սուրիահայերու ձեռագործ աշխատանքներ, զարդեր, հրուշակեղէն, արեւելեան ուտեստներ: