Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, տնօրինութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, երէկ՝ 27 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Միւռոնի օրհնութիւնը: 7 տարին մէկ անգամ իրականացուող արարողութեան մասնակցելու եկած էին Հայ առաքելական եկեղեցու թեմերու առաջնորդները, Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ նուիրապետական աթոռներու առաջնորդները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ:
«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` Մայր Աթոռի Սուրբ Տրդատ Բաց Խորանին տեղադրուած էր Միւռոնի արծաթեայ կաթսան, ուր կը գտնուէր ձիթենիի անարատ իւղէն, փշատենիի բալասանէն եւ քառասուն խոտաբոյսերէ եփուած պատրաստուկը, որ 40 օր շարունակ դրուած էր Մայր Տաճարի Աւագ Սուրբ Խորանին:
Վեհափառին շրջապատած հոգեւոր դասը Վեհարանէն ուղեւորուեցաւ դէպի Մայր Տաճար, այնուհետեւ Բաց խորան: Երկշարք` Վեհափառի աջ եւ ձախ կողէ, կ՛ընթանային վեց եպիսկոպոսներ` Սուրբ Միւռոնի օրհնութեան համար անհրաժեշտ Հայ եկեղեցւոյ աւանդական սրբութիւնները:
Վեհափառի աջ կողմէն ընթացող եպիսկոպոսները կը տանէին Վազգէն Առաջինի կողմէ Մատենադարանին նուիրաբերուած 11-րդ դարու Ս. Աւետարանը, Ծաղկանց նիւթերու անօթը, Ս. Արիստակէս Հայրապետի Աջը, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի Աջը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը եւ Կենաց Փայտը: Ձախակողմեան եպիսկոպոսները կը տանէին բալասանի անօթը, հին Միւռոնը` Մեռոնաթափ աղաւնիով, Ս. Յակոբի Աջը, Ս. Թովմաս առաքեալի Աջը, Ս. Թադէոս առաքեալի Աջը եւ աստուածամուխ Ս. Գեղարդը: Վեհափառ Հայրապետը Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը կը կատարէ Կենաց Փայտի մասունքը կրող Ս. Խաչով, Ս. Գեղարդով, եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջով:
Միւռոնօրհնէքէն ետք Միւռոնի կաթսան, շղարշով ծածկուած, 7օր շարունակ պիտի մնայ Մայր Տաճարի Աւագ Ս. Խորանին` ի համբոյր հաւատացեալներու և Մայր Աթոռ եկող ուխտաւորներու:
Հայ Առաքելական եկեղեցին Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը կը կատարէ 7 տարին մէկ անգամ: Այդ նպատակով աշխարհի տարբեր ծայրերէն Մայր Աթոռ կը հաւաքուին ուխտաւորներ, կրօնական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Սրբալոյս Միւռոնի հիմնական բաղադրիչը ձիթենիի անարատ ձէթն է, որուն կը խառնուի բալասան, ինչպէս նաեւ քառասուն տեսակի տարբեր հոտաւէտ խունկերու, ծաղիկներու, անուշահոտ բոյսերու արմատներու, ծաղկաջուրերու, իւղային հիւթերու եւ տերեւներու միաշաղախուած հեղուկը: 0րհնութենէն քառասուն օր առաջ ձիթենիի մաքուր իւղով լի կաթսան կը դրուի Մայր Տաճարի բեմին վրայ եւ կը ծածկուի նրբահիւս շղարշով:
Քառասուն օր շարունակ երեկոյեան ժամերգութենէն ետք հոգեւոր պաշտօն կը կատարուի` շարականներով, աղօթքներով եւ սուրբ գրային ընթերցուածներով: Միւռոնօրհնէքի նախատօնակին` գիշերը, հսկում կը կատարուի, իսկ յաջորդ օրը օրհնութեան հանդիսաւոր շնորհաբաշխութիւն տեղի կ՛ունենայ:
Սուրբ միւռոնով կը կատարուին եւ կը սրբագործուին եկեղեցական ծիսակարգը` Ջրօրհնէքը, Մկրտութիւնը, քահանաներու,եպիսկոպոսներու եւ կաթողիկոսի օծման արարողութիւնները եւ այլն:
Լուսանկարները՝ «Սիվիլնէթ»-ի