Երկուշաբթի, Փետրուար 13-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Լավալի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ, տեղի ունեցաւ աւանդական Տիառնընդառաջի տօնակատարութիւնը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի եւ ներկայութեամբ քահանայ հայրեր՝ Տէր Կոմիտաս Միրզախանեանի, Տէր Հայ Արի Թանաշեանի եւ Տէր Վազգէն Պոյաճեանի:
Ստուար բազմութեան եւ նորապսակ ամոլներու ու նոր նշանուած զոյգերու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ եկեղեցական կարճ արարողութիւն մը, որուն յաջորդեց աւանդական խարոյկ վառելու եւ վրայէն ցատկելու սովորոյթը:
Խարոյկահանդէսի աւարտին, Տիկնանց Միութեան պատրաստութեամբ հրամցուեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն մը: