ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 102-րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ

ՔԵՊԷՔԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄՆԻ

M4H Յանձնախումբի կարգաւորումով՝

ՏԱՍՆԵԱԿ ՄԸ ԱՅԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 102-րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒԻՆ

Շաբաթ՝ 27 Մայիս 2017-ին, Մոնթրէալի քաղաքամէջի Սէնթ Քէթհըրին պողոտայի երկայնքին, մօտաւորապէս չորս հազար մարդ, որոնց մէջ նշմարելի էր Ասորի, Յոյն, Հրեայ, Քամպոճիացի, Քիւրտ, Ռուանտացի խմբաւորումներ իրենց պաստառներով ու դրօշակներով, պատկառելի քայլարշաւ մը իրագործեցին, առաջնորդուած թմբուկներու հայկական ֆանֆարներով:

Հայ երիտասարդական զանազան խմբաւորումներու կողքին, ներկայ էին նաեւ ՌԱԿ-ի Արմէնական պատանիները:

Քայլարշաւը կը գլխաւորէին հայ եկեղեցական եւ համայնքային առաջնորդող դէմքեր, ՀՀ դեսպանը, Գանատական նահանգային եւ քաղաքային նախարարներ ու կառավարական դէմքեր:

Քայլարշաւի աւարտին հաւաքուած ժողովուրդը ունկնդրեց պետական դէմքերու եւ այլ ղեկավարներու տպաւորիչ ճառերուն: Անոնց կարգին յիշենք Գանատայի Մշակոյթի եւ Ժառանգութեան նախարար Մէլանի Ժօլի, Քեպէքի միջազգային յարաբերութիւններու նախարար Քրիսթին Սէնթ Փիէր եւ Մոնթրէալի քաղաքապետ Տէնի Քոտէր, որոնք շեշտեցին, թէ մեր նահատակներու յիշատակը յարգելով հանդերձ, հաւաքուած ենք միասնական ոգիով տօնախմբելու կողք կողքի վերապրելու կամքը եւ բարեացակամութիւնը: