Փա՜ռք եւ պատիւ Հ.Հ. Անկախութեան 25-ամեակի առթիւ

Շաբաթ 24 Սեպտեմբեր 2016ը եղաւ պատմական օր մը: Օրինակելի երեւոյթով եւ զգայացունց զգացումներով առլցուն, մոնթրէալահայ գաղութը մեծ խանդավառութեամբ զանգահարեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակը:

Համայն գաղութը անխտիր  դարձած էր մէկ բռունցք: Անխտրօրէն իրենց սուրբ մասնակցութիւնը բերին հայ համայնքի երեք կուսակցութիւնները, յարանուանութիւնները բոլոր մարմիններն ու միութիւնները, միասնաբար, ապացուցանելով գաղութին ուժը, արժէքը, կազմակերպչական ու արուեստի բարձրութիւնը, մանաւանդ յարգանքն ու անսահման սէրը հանդէպ հայրենիքին:

Գրեթէ կատարեալ հանդիսութիւն մըն էր: Յարգանքի խոնարհութիւն՝ տարեդարձի` «Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնի» անդամներուն, բոլոր արուեստի մասնակցողներուն եւ մանաւանդ շատ սիրելի հայրենասէր ներկայ բազմահարիւր ազգայիններուն, հատ առ հատ, իրենց բարձր ոգիին ու զգացումներուն համար:

Յաջորդիւ՝ հպարտութեամբ պիտի անդրադառնանք մանրամասնութեանց:

«Ապագայ»