Քառասնամեայ «Ապագայ»ն բացումը կը կատարէ Համացանցային ABAKANEWS online Երեք Լեզուներով Արդի Լրատուական Մեր նորագոյն հրատարակութեան

«Ապագայ» շաբաթաթերթը որուն առաջին թիւը լոյս տեսաւ 13 Սեպտեմբեր, 1975-ին, որպէս Գանատահայ առաջին եռալեզու շաբաթաթերթ, քառասուն տարիներ ծառայելէ ետք Գանատահայ գաղութին, դէպի առաջ նոր ոստում մը կը կատարէ այսօր, սկսելով արդիական լրատուութեան նորագոյն մեթոտներով հրատարակուող իր համացանցային տարբերակին, եռալեզու «ABAKANEWS» online հրատարակութիւնը:

«Ապագայ»ն իր անցած քառասուն տարիներուն ընթացքին ջանաց, եւ կը յուսանք թէ ան նաեւ յաջողեցաւ, Գանատահայութեան եւ Մոնթրէալահայութեան բանալ հետաքրքրական եւ վստահելի լրատուութեան պատուհան մը: Ան նաեւ առիթը ստեղծեց որպէսզի ամբողջ հայ աշխարհը ծանօթանայ մեր գաղութի լուրերուն, յաջողութիւններուն ինչպէս նաեւ դժուարութիւններուն:

Մամուլը որեւէ հաւաքականութեան կենսունակութեան գլխաւոր ազդակներէն մէկն է: «Ապագայ»ն հպարտութեամբ կը ներկայանայ այսօր այդ կարեւոր առաքելութիւնը քառասուն տարիներ պատուով կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ:

Սակայն գիտակից ենք թէ մեր ընթերցողները կ’ակնկալեն աւելին: Յատկապէս մեր օրերու, օրը օրին եւ ժամը ժամուն զարգացումներուն տեղեակ ըլլալու կարելիութիւնը շնորհիւ համացանցին, -Internet-ին, նոր պահանջք մը ստեղծած է որուն գիտակից ենք անշուշտ: Ահա այդ պահանջքը բաւարարելու համար է որ «Ապագայ»ն աւելի քան տարիէ մը ի վեր ձեռնարկած էր իր online, համացանցային տարբերակը ստեղծելու ծրագրին եւ այսօր ուրախ ենք ձեզ բերելու այդ մանրակրկիտ աշխատանքին արդիւնքը եղող եւ երեք լեզուներով հրատարակուող ABAKANEWS online հրատարակութիւնը:

ABAKANEWS online-ը կը ստեղծէ անհամեմատօրէն աւելի մեծ լրատուական կարելիութիւններ: Հետեւաբար այստեղ պիտի գտնէք աւելի եւս ճոխ լուրերու հաղորդումը որոնք կրնան նորոգուիլ օրը օրին եւ ժամը ժամուն անշուշտ կարելիութեանց սահմաններուն մէջ:

ABAKANEWS online, շնորհիւ համացանցի, Internet-ի տուած դիւրութեան, կը հասնի տասնեակ հազարաւոր ընթերցողներու որոնք կը գտնուին երկրագունդի որեւէ մէկ անկիւնը:

ABAKANEWS online-ը առիթը կու տայ նաեւ ընթերցողին նիւթին համաձայն իր կարծիքը փոխանցելու խմբագրութեան եւ ապա բոլոր ընթերցողներուն:

Բնականաբար ABAKANEWS online-ի խմբագրութիւնը պատասխանատու է իր թերթին բովանդակութեան եւ հետեւաբար բծախնդիր է որպէսզի այնտեղ տրուած լուրերը ըլլան ճշգրիտ եւ տրուած կարծիքները ազատօրէն արտայայտուած ըլլալով հանդերձ կատարուին պատշաճ լեզուով եւ կիրթ դարձուածքներով:

Վերջապէս համացանցային «Ապագայ»ն, հսկայական նախաձեռնութիւն մը ըլլալով, պարզ է թէ կը պահանջէ բազմաթիւ տեսակի նոր միջոցներու հայթայթումը ինչ որ անխուսափելիօրէն կը նշանակէ ծախսերու նոր բեռ: Մենք համարձակեցանք այս նոր պարտաւորութիւնները յանձն առնել, վստահելով մեր լայնատարած ընթերցողներու քաջալերանքին. հետեւաբար կոչ կ’ուղղենք ձեզի ի մտի ունենալ թէ թերթը աւելի եւս հետաքրքրական եւ բովանդակալից կրնայ դառնալ շնորհիւ ձեր բերելիք զօրավիգին: ABAKANEWS online տարբերակին մէջ կը տեսնէք գործնական միջոցները որպէսզի ուղարկէք ձեր նուէրը թերթի հասցէին:

Կ’եզրակացնենք յուսալով թէ ABAKANEWS online համացանցային այս տարբերակը պիտի աւելի եւս գոհացնէ ձեզ:

Կը հրաւիրենք նաեւ ձեզ որ չվարանիք խմբագրութեան տեղեկացնելու ձեր դիտողութիւնները եւ նախընտրութիւնները:

Բարի երթ ABAKANEWS online, համացանցային «Ապագայ»ին:

 

Խմբագրութիւն