Քէպէքի Ներգաղթի Նախարարին այցելութիւնը «Հայ Տուն»

Դեկտեմբեր 11, 2015-ին Քէպէքի Ներգաղթի, Այլազանութեան եւ Ընդգրկումի նախարար Տիկին Քաթհլին Ուէյլ այցելեց «Հայ Տուն»: Նախարարը ընդունուեցաւ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Հովակիմեանի, «Հայ Տուն»ի Նախագահ՝ Տիկին Նայիրի Թաւլեանի եւ «Հայ Տուն»ի Տնօրէն՝ Տիկին Նարօտ Օտապաշեանի կողմէ: Նախարար Ուէյլի այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ «Հայ Տուն»ի փորձառութիւններուն, յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ պատսպարեալներու կապակցութեամբ: Այս առիթով, Սրբազան Հայրը Նախարարին նուիրեց հայկական զարդերու փորագրութիւններով փայտեայ խաչ մը: