Եթէ ղարաբաղեան հարցի պատճառով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ մեծ կռիւ ըլլայ, ատիկա կը յանգեցնէ Ատրպէյճանի միակողմանի ոչնչացման: Փետրուար 3-ին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտնած է ղարաբաղեան պատերազմի մասնակից, զօրավար գնդապետ Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Քոմանտոս)։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:
Անոր խօսքով, ասիկա նաեւ շատ փորձագէտներու, Ատրպէյճանի դաշնակիցներուն ու Թուրքիոյ տեսակէտն է: «Մենք պատերազմ չենք ուզում, բայց Ատրպէյճանը կարող է աւանտիւրայի գնալ: Հիմք ընդունելով միջազգային իրաւունքը` մենք կարող ենք հասցնել ու կը հասցնենք կանխիչ հարուած»,- շեշտած է Արկադի Տէր Թադեւոսեան:
Քոմանտոս նաեւ աւելցուցած է, որ Ատրպէյճանի մէջ շատ բարդ իրավիճակ ձեւաւորուած է ազգային փոքրամասնութիւններու դրութեան մասին: